image

Մուսա լերան պարպումը, Այնճար Հայաւանի ծնունդը. Գրեց՝ Յակոբ Ճանպազեան

Մուսա լերան պարպումը, Այնճար Հայաւանի ծնունդը. Գրեց՝ Յակոբ Ճանպազեան

Ինչքան կարեւոր է ծննդավայրը մարդուս համար։ Մարդուս աշխարհի կազմութեան, անոր մատղաշ հոգիին մէջ ցանուած սերմերուն ու կեանքի մեծ գնացքէն անցնելու ժամանակ, կարծէք քիչ մը բոլորիս համար ալ ծննդավայրը ունի իր անուրանալի, անփոխարինլի տեղն ու դերը։

Ալ ուր մնաց, երբ նոյն այդ ծննդավայրը մարդս կը կապէ իր նախնիներու պորտալարին, իր անցեալի հողին եւ երկար տարիներու կենսագրութիւն ունեցող մեծ մաքառումներու ու պայքարներու ողնուծուծին։

Այս բոլորէն անդին անշուշտ էականը պիտի շարունակէ մնալ մարդուս սէրն ու հաւատարմութիւնը, այն հողին հանդէպ, որմէ կը սեռի ինք, որմէ ծագած են իր ընկալումները, եւ որմէ աճած ու մեծցած է անոր յաջողութիւններու մեծ պրիսմակը։ 

Երախտիքն ու երախտագիտութիւնը բարձրօրէն արժէւորած եւ իր ծննդավայրին հանդէպ անմնացորդ սէր ու հաւատարմութիւն պահած անհատներէն մին է Յակոբ Ճանպազեանը։

Գանատաբնակ մեր հայրենակիցը, որուն մասին արտայայտուելու պատեհութիւնը ունեցանք այսօր օրերս ստորագրած է իր սիրելի ծննդավայրին մասին շահեկան յօդուած մը, այդպիսով ալ վերանորոգելու համար իր ու իր նման շատ-շատերու սէրն ու հաւատարմութիւնը իրենց սիրելի ծննդավայրին՝ Այնճարին մասին։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն բաժնեկից կը դարձնենք այդ գրութիւնը այն կուռ հաւատքով, ու հաւատամքով, որ մեր հայրենակիցի կերպարը դառնայ վարակիչ, իսկ անոր գործունէութիւնն ու ոգին փոխանցուին սերունդէ սերունդ։

 

Անցնող դարասկիզբի Հայոց պատմութեան էջերը լեցնող Ցեղասպանութեան զարհուրանքներն ու արիւնալի կռիւները ունեցան նաեւ իրենց փայլատակումներու ադամանդեայ վայրկեանները` Մուսա Լեռ, Սասուն, Վան, Ուրֆա, Շապին Գարահիսար, Սարդարապատ, Բաշ Ապարան եւ բազում մեծ ու փոքր գիւղեր կեանքի ու մահուան պատմութիւնը հերոսներու արեամբ փորագրեցին յաւերժութեան ապառաժեայ ճակատին վրայ: Եւ այս բոլորը եկան անգամ մը եւս հաստատելու, թէ ինչպէ՛ս հրաշքներ կրնան գործել ժողովուրդի մը ազատատենչ զաւակները, երբ ազատութեան ոգին մշտավառ է եւ նուիրումը` անսակարկ:

Մուսա Լերան առիւծասիրտ զաւակները` վստահած իրենց պապենական սրբազան լերան, գերմարդկային քաջութեամբ, 1915 թուականի Եղեռնի համատարած սուգին մէջէն, գալիք սերունդերու յիշողութեան, Հայոց պատմութեան մատեաններուն եւ միջազգային քաղաքական շրջանակներու գիտակցութեան մէջ դրոշմեցին յաղթանակի անջնջելի էջեր:

Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով, եկէք, նախ անդրադառնանք Լիբանանի Այնճար հայաւանի հիմնադրութեան տուն տուող պատճառներուն:

Մուսա Լերան Պարպումը

Նկատի ունենալով, որ 23 յուլիս 1939-ին Սանճաքը վերջնականապէս Թուրքիոյ կը կցուէր Փարիզի մէջ կնքուած ֆրանքօ-թրքական դաշնագիրով, շրջանի հայութիւնը յաջորդող մէկ շաբթուան ընթացքին պէտք էր լքէր թրքական հողերը: 1938-ի աշնան եւ յաջորդող տարուան ձմրան հայերու 70 տոկոսը արդէն գաղթած էր շրջանէն: 1939 թուականի յուլիս 17-ին կը սկսի Մուսա Լերան գիւղերու պարպումը: Եւ` դարձեալ գաղթականութիւն, երբ տակաւին նախորդ գաղթականութեան յիշողութիւնը թարմ էր բազմաչարչար գիւղացիներուն մտքերուն մէջ: Մուսալեռցին` արցունքը աչքերուն, կը բաժնուէր իր հայրենի դարաւոր գիւղերէն ու լեռներէն:

Ֆրանսական բանակին հսկողութեան տակ գիւղացիները քանի մը ժամէն կ՛անցնին Քեսապի մօտէն ու կը մտնեն Սուրիա: Յուլիս 23-ին Մուսա Լերան գիւղերը արդէն իսկ պարպուած էին իրենց բոլոր բնակիչներէն: Միայն Վագըֆ գիւղին մէջ կը մնան քանի մը ընտանիքներ, որոնք կը գոյատեւեն մինչեւ այսօր:

Մինչեւ 23 յուլիս 1939 Սանճաքի Մուսա Լերան եւ Քըրըք Խանի 35 հազար հաշուող հայութիւնը, ինչպէս նաեւ 20 հազար արաբներ եւ չերքեզներ կը հեռանան Սանճաքէն եւ կը հաստատուին Սուրիա կամ Լիբանան: Մուսալեռցիներու առժամեայ բնակավայր կը դառնայ Պասիթը` Քեսապէն շուրջ 4 քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք գտնուող ծովեզերեայ շրջանը:

Մուսալեռցիք Պասիթի մէջ մնացին 40 օր, ցախով կամ սաւաններով ծածկուած հիւղակներու մէջ: 40 դաժան եւ տխուր օրեր: Պասիթէն միայն ցաւալի յիշատակներ մնացին Մուսա Լերան ժողովուրդին յիշողութեան մէջ: Այն օրերուն, երբ մուսալեռցիք դաժան օրեր կ՛անցընէին Պասիթի մէջ, ֆրանսական իշխանութիւնները աշխատանք կը տանէին աւարտելու նոր բնակավայրի մը գնումը Մուսա Լերան ժողովուրդին համար: Մուսալեռցի ղեկավար եւ սուրիական խորհրդարանի անդամ Մովսէս Տէր Գալուստեան մեծ դեր կ՛ունենայ նոր կայքի ապահովման մէջ եւ փաստօրէն կը դառնայ անոր հիմնադիրը: Կ՛ապահովուի Այնճար անունով ընդարձակ կիսանապատային դաշտը, Լիբանանի Պեքա դաշտին արեւելեան կողմը, սուրիական սահմանին մօտ, լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթայի ստորոտին: Երբ ամէն կարգադրութիւն կ՛աւարտի, մուսալեռցիք Պասիթէն նաւով նախ կը փոխադրուին Թրիփոլի, ուրկէ շոգեկառքով` Ռայաք, եւ վերջապէս` բեռնատար ինքնաշարժներով` Այնճար, 4 սեպտեմբեր 1939-ին: Եւ ահա կը սկսի Այնճար գաղթակայանի նոր պատմութիւնը:

Այնճար Հայաւանի Ծնունդը

Ֆրանսական իշխանութիւնները` գործադրելով Ազգութիւններու դաշնակցութեան Գաղթականաց յանձնախումբին որոշումը, կը գնեն Այնճարի հողամասը, ուր մուսալեռցիք հիմը կը դնեն իրենց նոր արծուաբոյնին:

Ե՞րբ Եւ Ինչպէ՞ս Կառուցուեցաւ Այնճար Հայաւանը

Այնճար Պեքայի դաշտին մէջ միակ գիւղն է, որուն համար նախ պատրաստուած է յատակագիծ եւ ապա` կառուցուած: Այնճարի յատակագիծը, որ կը ներկայացնէ թեւերը բաց արծիւ մը, պատրաստուած է հայազգի ճարտարապետ Յակոբ Քէշիշեանի կողմէ: Այնճար կը գտնուի Պէյրութ-Դամասկոս մայրուղիին վրայ` գրեթէ երկու մայրաքաղաքներուն մէջտեղը, Պէյրութէն 60 քմ, իսկ Դամասկոսէն 40 քմ հեռաւորութեան վրայ: Այնճարի տարածութիւնը 1800 հեկտար է, որ կ՛ընէ 18 քառակուսի քիլոմեթր: Իսկ ծովէն բարձրութիւնը` 900 մեթր: Այնճար գիւղաքաղաքը, յատակագիծին համաձայն, բաժնուած է վեց գիւղերու` Մուսա Լերան գիւղերուն անուններով:

1939-ին, երբ մուսալեռցիք Այնճար ժամանեցին, կը հաշուէին 5125 հոգի, 1205 ընտանիք: Այնճարի գլխաւոր պողոտային գագաթը կառուցուած է Ս. Պօղոս Հայց. առաքելական եկեղեցին, որուն կողքին` Ազգային «Յառաջ» եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանները: Առանձին տեղեր տրուած են Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու եւ դպրոցներու շինութեանց համար: Այնճարի մէջ տեղաւորուեցան 1050 ընտանիքներ, որոնցմէ 803-ը` հայ առաքելական, 165-ը` հայ կաթողիկէ, եւ 82-ը` հայ աւետարանական: Գաղթականները նախ հաստատուեցան Բարեգործականին տրամադրած վրաններուն տակ` բիւզանդական Քալքիս կոչուած փլատակ բերդի աւերակներուն վրայ: Նախնական տարիներուն բնութեան դաժան պայմանները, սնունդի եւ ջուրի տագնապը ծանր կացութիւն ստեղծեցին: Գաղթականներուն մէկ մասը մնաց Այնճար` անձուկ եւ մահասարսուռ պայմաններու մէջ, իսկ մաս մըն ալ, գլխաւորաբար` հիւանդ մանուկներ եւ ծերեր, հիւրընկալուեցան Պեքայի շրջակայ գիւղերու` Մեժտելի, Ռայաքի, Պար Իլիասի, Զահլէի գիւղացիներուն կողմէ, որուն համար երախտապարտ կը մնանք մինչեւ այսօր:

Այնճարի մէջ տուներու շինութիւնը սկսաւ 1940 թուականին: Իւրաքանչիւր ընտանիքի համար կառուցուեցաւ միայն մէկ սենեակ, որուն կողքին` փոքր արտաքնոց մը : Իւրաքանչիւր տան համար տրամադրուեցաւ 400 քառակուսի մեթր հողամաս տան կողքին եւ 3000 քառակուսի մեթր հողամշակութեան տարածք մը: Ասոնց զուգահեռ, սկսան եկեղեցիներու եւ դպրոցներու շինարարութեան աշխատանքները, որոնք արդէն իսկ սկսած էին գործել վրաններու տակ:

Իւրաքանչիւր համայնք նախաձեռնեց իր եկեղեցին եւ դպրոցը կառուցելու աշխատանքին: Սակայն նորահաստատ գաղթականներուն համար մեծագոյն խնդիրը ապրուստի հարցն էր: Այդ տարիներուն մալարիան կը սկսի սաստիկ աւեր գործել գաղթականներուն մէջ: Այնճարի հիւանդներուն մէկ երրորդէն աւելին այս հիւանդութենէն կը տառապէր, եւ մահերը բազմաթիւ էին: 1942-ի ամրան Այնճարը շատ գէշ համաճարակ մը կ՛անցընէր. միայն մէկ ամսուան ընթացքին կը մահանային 130-է աւելի գաղթականներ, իսկ առաջին երկու տարիներուն մալարիայի, փորհարութեան եւ չքաւորութեան պատճառով կը մահանան 200-է աւելի մուսալեռցիներ: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, «Գարակէօզեան» եւ այլ բարեսիրական կազմակերպութիւններու օժանդակութեամբ կը հիմնուին մանկախնամ կեդրոններ, դարմանատուներ, եւ կը տրամադրուին առողջապահական այլատեսակ սպասարկութիւններ:  Քայլ առ քայլ Այնճարը կը դադրի անապատ ըլլալէ ու կը սկսի ծաղկիլ` շնորհիւ հայ գիւղացիի տքնաջան աշխատանքին եւ աննկուն կամքին:

Այնճարի զարգացումը կը շարունակուի արագ թափով` մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին սկիզբը, որուն պատճառով Լիբանան կը մտնէ խառնակ ժամանակաշրջանի մը մէջ ու կը դադրի երկրին զարգացման ընթացքը: Վերջին տարիներուն, սակայն, խաղաղութեան հաստատումով Այնճար դարձեալ կ՛ապրի զարգացման արագ եւ աստիճանական վերելք: Գիւղը նոր տարազ կը հագնի, որ բոլորովին տարբեր էր այլեւս անցեալէն: Հին օրերու կիսանապատային, մահաբոյր գաղթակայանը կը փոխակերպուի նոր օրերու կանաչապատ, գեղատեսիլ եւ լուսաւոր գիւղաքաղաքի, կը կառուցուին արդիական քաղաքապետարանը եւ «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնը: Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին եւ քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ եւ գիտութեան բարիքներէն օգտուելով` 2022-ին կը տեղադրուին արեւային վահանակներ` խնայողութեամբ ընդմիշտ լուսաւոր պահելու Այնճար հայաւանի տուներն ու փողոցները:

Հոս կ՛արժէ նշել, որ 1939-1945 թուականին, երբ մուսալեռցիք Այնճարի մէջ կ՛անցընէին իրենց ամէնէն դժուար տարիները, Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն անմիջապէս ետք` 1946 թուականին, կը հնչեն Հայաստան ներգաղթի զանգերը` հրաւիրելով սփիւռքահայերը հայրենիք` իրականացնելու իրենց դարաւոր երազը:

Ստեղծուած ընդհանուր խանդավառութենէն անմասն չմնացին մուսալեռցիք: 1946-47 Պէյրութի նաւահանգիստէն 650 ընտանիքներ Այնճարէն եւ 50 մուսալեռցի ընտանիքներ Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարբեր քաղաքներէն կը ներգաղթեն Հայաստան: Մուսալեռցիք կը հաստատուին Հայաստանի տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ եւ կ՛աշխատին արդիւնաբերական մարզերու մէջ: Անոնք փայլուն յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն ուսման, գիտութեան, լուսաւորութեան եւ կրթութեան ասպարէզներուն մէջ ու այսպէսով կը մասնակցին Հայաստանի զարգացման եւ վերելքին: Հայաստանի մէջ եւս մուսալեռցիք պահեցին իրենց բարբառն ու սովորութիւնները եւ շարունակեցին ամէն տարի, սեպտեմբեր ամսուն նշել Մուսա Լերան հերոսամարտը: 1972-ին Էջմիածնի շրջանի Գինեվետ աւանը կը վերանուանուի Մուսա Լեռ, որուն բարձունքին վրայ 1976 թուականին կը կառուցուի յուշակոթող մը` յարակից թանգարանով, որ կը խորհրդանշէ Մուսա Լերան մարտիկներու ազատագրական ոգին եւ քաջութիւնը:

Հայաստանի Մուսա Լերան հայրենակցական միութիւնը կը տանի բեղուն գործունէութիւն Հայաստանի մէջ` կազմակերպելով ցուցահանդէսներ, համագումարներ եւ այլն: Հպարտութեամբ կարելի է ըսել, որ 2015 թուականին Հայաստանի եւ Այնճար հայաւանին մէջ մեծ շուքով եւ պետական այրերու մասնակցութեամբ տօնախմբուեցաւ Մուսա Լերան պանծալի հերոսամարտին 100-ամեակը:

 

Յակոբ Ճանպազեան
2024, Թորոնթօ

(Շար. 1)

 

«Ազդակ»