image

Լիբանանահայ՝ Յովսէփ Սարաֆեանի ուսումնական փայլուն յաջողութիւնը՝ Անգլիոյ մէջ

Լիբանանահայ՝  Յովսէփ Սարաֆեանի ուսումնական  փայլուն յաջողութիւնը՝ Անգլիոյ մէջ

Օրերս իր համալսարանական կրթութեան առաջին փուլը յաջողութեամբ աւարտին տարած է լիբանանահայ ուսանող Յովսէփ Սարաֆեանը։

 Սարաֆեանի  գրանցած փայլուն արդիւնքներուն շնորհիւ վերջինիս տրուած է համալսարական ամավերջի հանդէսին (Պիրմինկհըմ- Ասթոն Գոլէճ) «հուս բանք»ը արտասանաելու պատիւը։

Ան  երեւելի ինքնավստահութեամբ բեմ բարձրանալով շնորհակալութիուն յայտնած է բոլորին ու յատկապէս ծնողներուն ու դասախօսներուն, որոնք ջանք չեն խնայած, որ ան հասնի համալսարան եւ ընթացք տայ իր մեծ երազներուն։

Սարաֆեան իր խօսքի աւարտին մէջբերած է ֆրանսաբնակ եւ լիբանանցի մեծատաղանդ գրող՝ Էմին Մաալուֆի խօսքերը ըսելով, որ «Պէտք է նպատակներուդ մէջ միշտ դէպի հեռուները նայիս, սահմաններէն անդին, եւ ծովերէն անդին, որպէսզի ի վերջոյ յաջողիս»։

 Մեր ընթերցողներուն  յիշեցնենք, որ Յովսէփ Սարաֆեան որդին է լիբանանահյ տէր եւ տիկինԱրա եւ Հուրի  Սարաֆեաններուն  եւ անոնց զաւկին յաջողութեան մեծագոյն գրաւն անշուշտ ընտանիքի աննահանջ  խրախուսանքն ու քաջալերանք է։

Փաստ է անշուշտ, երբ կամքի ներկայութեան պարագային նոյնիսկ Լիբանանի նման գրեթէ փլուզուած երկրի զաւակը կը նուաճէ բարձր գագաթներ։

 

 Յաջողութիւն՝ Յովսէփ Սարաֆեանին։

 

 Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը