image

Մեծ Կարդինալի յիշատակին. Հայ եկեղեցւոյ դիւանագիտութեան ուժը

Մեծ Կարդինալի յիշատակին. Հայ եկեղեցւոյ դիւանագիտութեան ուժը

Երբ Ֆրանսացիները զիջեցան Ալեքսանտրէթի տարածքը Թուրքիոյ: Երբ Մուսալեռցիները ստիպուած լքեցին իրենց պապենական հայրենիքը, Քեսապը մնած հայկական դիմագիծով գիւղ մը Սուրիոյ մէջ  եւ մինչեւ օրս կը գոյատեւէ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն:

Լիբանանահայ ակադեմական գործիչ՝ Եղիա Թաշճեան կը գրէ ՝

 

Երջանկայիշատակ Կարտինալ-Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի մարմնոյն Վատիկանէն Լիբանան փոխադրութեան առիթով պարզապես կուզեմ շատերուն յիշեցնել մեր հայ եկեղեցւոյ դերը միջազգային դիւանագիտութեան մէջ: Կարդինալ-Պատրիարքը 1939-ին հզօր դիւանագիտական դերակատարութիւն ունեցաւ պահպանելու մեր Կիլիկիոյ-հայկական Քեսապ գիւղաքաղաքը Սուրիոյ տարածքին մէջ։

Երբ Ֆրանսացիները զիջեցան Ալեքսանտրէթի տարածքը Թուրքիոյ: Երբ Մուսալեռցիները ստիպուած լքեցին իրենց պապենական հայրենիքը, Քեսապը մնած հայկական դիմագիծով գիւղ մը Սուրիոյ մէջ  եւ մինչեւ օրս կը գոյատեւէ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն:

Երբ կը խօսինք մեր պատմութեան դիւանագիտական արժեքին մասին յաճախ կը մոռնանք մեր եկեղեցիներուն կամ կրօնականներուն դերը: Ինչպէս Առաքելական եկեղեցին դարերու ընդացքին, նոյնպէս ալ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները եւ կրօնականները հսկայական դիւանագիտական աշխատանք կատարած են հայ ժողովուրդի շահերը պաշտպանելու համար (Ցեղասպանութեան ճանաչում, Արցախի հարց, եւ ալ ազգային հարցեր...): Հոս է մեր հայ եկեղեցւոյ դերը՝ հանդիսանալ կամուրջ մը հայ ժողուրդին, Հայաստանի, եւ Աշխարհին միջեւ: