Երկու տասնամեակէ ի վեր ընկերային ծառայողի գործով, ինչպէս նաեւ կանանց եւ երեխաներուն իրաւունքի խնդիրներով զբաղելով լիբանանահայ Քրիսթին Դանիէլեան կը հրատարակէ իր առաջին, անգլերէն գիրքը “The Cedars Whispered” «Մայրիները շշնջացին» խորագրով:
«Արեւելք» այս մասին իմացաւ հեղինակի դիմատետրի էջին կատարած իր գրառումէն:
«Ուրախ եմ ձեզի հետ կիսելու առաջին վէպիս հրապարակման լուրը, որու խորագիրն է. «Մայրիները շշնջացին» “The Cedars Whispered”, որ ներկայիս կրնաք գտնել Amazon-ի վրայ:
Աւելի քան քսան տարի համայնքին մէջ ներգրաւուած ըլլալով, որպէս ընկերային ծառայող, խոր հասկացողութիւն ձեռք բերած եմ մարդկային էութեան բարդութիւններուն եւ անհատներուն ու ընտանիքներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու մասին:
Շուրջս տեսած տառապանքը, երբեմն՝ ճնշող եւ անհասկանալի, մղեցին զիս գրելու: Ուզեցի աշխարհին նայիլ միայն դժուարութիւններ տեսած անհատներուն աչքերով:
«Մայրիները շշնջացին»-ը կը պատմէ երիտասարդ Թէոտորայի յուզիչ պատմութիւնը, որուն անմեղութիւնը փշրուած է լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի դաժանութեամբ:
Դիմանալով «թրոմա»ին, չարաշահման եւ անտեսման՝ կը դառնայ իր նախկին «ես»-ի ստուերը: Այնուամենայնիւ, ճկունութեան, հաստատակամութեան եւ յոյսի շողերու միջոցով, Թէոտորան ի վերջոյ կը վերականգնէ իր կեանքը՝ նոր ուժով եւ վստահութեամբ նայելով ապագային:
Այս պատմութիւնը նպատակ ունի յոյս ներշնչելու աշխարհի կիներուն՝ խրախուսելով զանոնք բարձրացնելու իրենց ձայնը եւ կոտրելու չարաշահման եւ բռնութեան օղակը։