Օրերս Յունաստանի հայկական վարժարանները դիմաւորեցին կրթական նոր տարեշրջանը։
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Յունաստանի Կիլիկեան Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ նաեւ հաղորդեց, որ Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Գերպ. Տ. Սահակ ծ.վրդ. Եմիշեան գտնուած է Գոքինիոյ շրջան, ուր մասնակից դարձած է տեղի տարուան պատմական անցեալ ունեցող «Զաւարեան Ազգային Վարժարան»ի վերամուտի հանդիսաւոր արարողութեան։
Ստորեւ այդ մասին տրուած լրատւութիւնը։
Յունաստանի հայ վարժարանները, 11 Սեպտեմբեր 2024-ին մանուկներու խանդակաթ ճիչերու ներքոյ իրենց դռները բացին ազդարարելով 2024-2025 տարեշրջանի սկիզբը։
Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Առաջնորդ Հայր Սուրբը ընկերակցութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեանի, նախագահեց Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգ. Վարժարանի հանդիսաւոր բացմանը։ Աւանդութեան համաձայն կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն որուն ներկայ էին Ազգային վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջ. վարչութիւններու ներկայացուցիչ անդամներ, վարժարանի տնօրենութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ ծնողները։
Նոյն օրը Առաջնորդ Հայր Սուրբը այցելեց նաեւ Գոքինիոյ Զաւարեան Ազգ. Վարժարան, ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Թագւոր Յովակիմեանի եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի։ Աւանդական ջրօրհնէքի աւարտին Առաջնորդ Հայր Սուրբը նախ փառք տուաւ ամենակալ Աստուծոյ վերամուտին համար ապա գնահատեց տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային Վարչութեան, Հայ Կապոոյտ Խաչին եւ Յոյն պետութեան իրենց օժանդակութիւններուն համար։ Աշակերտներուն յորդորեց հարստանալ չի մաշող եւ չի խլուող հարստութեամբ՝ գիտութեամբ եւ հպարտութեամբ կրել զաւարեանական անունը 95 տարիներէ աւելի սերունդներուն շառաւիղը հանդիսանալով։