image

Վերացման Սուրբ Խաչի տօնը Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ (Լուսանկարներ)

Վերացման Սուրբ Խաչի տօնը Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ (Լուսանկարներ)

Օրերս, Խաչվերացի տօնի առիթով Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ  մատուցուեցաւ տաղաւարի հանդիսաւոր Ս. Պատարագ։ Ապա Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Անդաստան եւ ռեհանի օրհնութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութեան դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին կը գրէ՝

Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ  Անմահ Պատարագ Վերացման Սուրբ Խաչի տօնին առիթով։ Օրուան Պատարագիչն էր տեղւոյս հոգեւոր հովիւ Արժն. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանը: 

Քահանայ հայրը օրուան խորհուրդը փոխանցեց հաւատացեալներուն թելադրելով «Ս. Խաչը ընդմիշտ Բարձր պահել  եւ աշխարհային ստոր ցանկութիւնները ոտնակոխել, ինչպէս նաեւ Քիստոսի պատուէրին համաձայն Խաչը շալկելով հետեւիլ Իրեն։ 

Ապա Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Անդաստան եւ ռեհանի օրհնութիւնը։