Օրերս, Խաչվերացի տօնի առիթով Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տաղաւարի հանդիսաւոր Ս. Պատարագ։ Պատարագի աւարտին, տարիներու աւանդութեան համաձայն տեղի ունեցաւ տարեկան բերքի օրնութիւն եւ Խաչվերացի ապանդական անդաստան։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին կը գրէ՝
Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2024֊ի առաւօտեան ժամը 10։00֊ին, մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ։
Պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Առաջնորդի օգնական Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանը։
Պատարագի աւարտին, Խաչվերացի տօնին առիթով, տարիներու աւանդութեան համաձայն տեղի ունեցաւ տարեկան բերքի օրնութիւն եւ Խաչվերացի ապանդական անդաստան։
Պատարագին ներկայ էր նաեւ Հալէպէն ժամանած, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մաշտոց Աւգ. Քհն. Արապաթլեանը: