Երեւանի մէջ պատի փլուզման հետեւանքով զոհուած պատահական անցորդը սուրիահայ է: Երէկ երեկոյեան Արաբկիրի մէջ նոր կառուցուող շէնքի 3-րդ յարկի պատը փլած է քաղաքացիի ինքնաշարժին վրայ եւ վարորդը մահացած է:
«Արեւելք»ի տեղեկութիւններով՝ վարորդը քեսապահայ Միշո (Միշէլ)Գազազեանն էր, որ տուն կը վերադառնար աշխատանքէն: Ան վեց տարի է կ'ապրէր եւ կ'աշխատէր Հայաստանի մէջ:
Մանրամասնութիւններուն մէջ՝ 25 օգոստոսին, ժամը 21:30-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան 911 ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Արաբկիր վարչական շրջանի Ղափանցեան փողոց 59/13 հասցէի նոր կառուցուող շէնքի 3-րդ յարկի պատը փլած է ինքնաշարժի մը վրայ եւ կայ տուժած։
Ըստ լուսանկարիչ-լրագրող Գագիկ Շամշեանին, դէպքի վայր ժամանած է ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան ջոկատը եւ այլ պատկան մարմիններու պատասխանատուներ:
Ըստ աղբիւրին՝ նոր կառուցուող շէնքի 3-րդ յարկի պեմզա քարէ ահագին հատուած, ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, քամիի հետեւանքով թափած է եւ այդ պահուն անցած եղած է «Mitsubishi» մակնիշի ինքնաշարժ մը եւ ամբողջ քարերը թափած վրան։ Փրկարարները ինքնաշարժին մէջ յայտնաբերած են վարորդը եւ այնտեղ ժամանած շտապ օգնութեան բժիշկներու հերթապահ խումբը արձանագրած է վարորդի մահը։
Դէպքի վայր ժամանած են Երեւան քաղաքի Արաբկիրի քննչական բաժնի քննիչները, ինչպէս նաեւ փորձաքրէագէտները։ Ոստիկանութիւնը պարզած է մահացողի ինքնութիւնը։
Լուսանկարները՝ Գագիկ Շամշեանին