image

Այնճարի «Գալուստ կիւլպէնկեան-Յառաջ վաժարան»ին ուղղուած աջակցութիւնը կը շարունակուի

Այնճարի «Գալուստ կիւլպէնկեան-Յառաջ վաժարան»ին ուղղուած աջակցութիւնը կը շարունակուի

 Այնճարէն վերահասու կը դառնանք, որ հայագիւղի «Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան»ին ուղղուած աջակցութեան աշխատանքները կը շարունակուին։

Երկրին մէջ ստեղծուած տնտեսական ծանր տագնապին դէմ դնելու եւ հայկական ամէնօրեայ դպրոցը ոտքի պահելու կոչուած ճիգերուն երկար ատենէ մը ի վեր միացած է ամերիկահայ մտաւորական, բնիկ Մուսալեռցի Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան եւ այս մասին ալ կը ներկայացնենք դպրոցի դիմատետրով տարածուած լրատւութիւնը։

 

Երեքշաբթի, 10 Սեպտեմբերի երեկոյեան վարժարան այցելեցին վարժարանիս նախկին ուսուցիչներէն եւ սոյն տարեշրջանի վարժարանիս հանգանակութեան արշաւի կազմուած խորհուրդի նախագահ՝ Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան, ընկերակցութեամբ վարժարանիս շրջանաւարտներու երկրորդ սերունդէն Տիկին Սառա Պայլոզեան եւ հանդիպում մը ունեցան վարժարանիս խնամակալութեան դիւանին եւ տնօրէնին հետ:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն փոխանցելու հանգանակութեան խորհուրդի բոլոր անդամներուն եւ տարբեր շրջաններու ներկայացուցիչներուն հանգանակութեան արշաւը իր արդիւնաբեր աւարտին հասցնելու իրենց անխոնջ ճիգին համար:

Հանդիպումին քննարկուեցան նաեւ վարժարանի առնչուող կրթական եւ պիւտճէական տարբեր հարցեր ու առաջադրանքներ: