image

Գամիշլիի մէջ. ՀՅԴ նուիրեալներէն Մանուշակ Գիզիրեանի կորուստը (Լուսանկար)

Գամիշլիի մէջ. ՀՅԴ նուիրեալներէն Մանուշակ Գիզիրեանի  կորուստը (Լուսանկար)

 Օրերս Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է երկար տարիներով Լիբանան բնակած եւ բնիկ Գամիշլիցի Մանուշակ Գիզիրեանը։

 Նշենք, որ Գիզիրեան եղած է ՀՅԴ անդամ եւ նուիրական մասնակցութիւն ունեցած կազմակերպութեան ամենատարբեր մարմիններէն ներս։ 

Բօթին մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի «Գանձասար» պարբերականէն եւ ստորեւ կը ներկայացնենք թերթին կողմէ տրուած մահագրականը։

 

Երեքշաբթի, 10 Սեպտեմբեր 2024-ին, Գամիշլիի մէջ իր մահկանացուն կնքեց վաստակաւոր դաշնակցական, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի անդամ ընկհ. Մանուշակ Գիզիրեան։

Հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ յետմիջօրէի ժամը 1։00-ին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, հարազատներու եւ գաղափարակից ընկերներու ներկայութեան։

Կենսագրական տուեալներ

 

Բնիկ գամիշլիահայ Մանուշակ Գիզիրեան 50 տարի առաջ փոխադրուած է Լիբանան։ Այնտեղ ունեցած է կրթական բեղուն գործունէութիւն՝ ծառայելով ազգային «Արամեան» եւ «Քառասնից Մանկանց» վարժարաններէն ներս։ Ապա մաս կազմած է ՔԱՀԼ-ի՝ յատուկ դժուարութիւն ունեցող աշակերտներու դպրոցի անձնակազմին։ Գործած է անձնդիր նուիրումով։ Ստանձնած է ԼՕԽ-ի Շրջ․ Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի պատասխանատուութիւնը։ Եղած է ԼՕԽ-ի կազդուրման կայանի փոքրիկներու հոգատար ընկերուհիներէն։ 

Գիզիրեան հաւատաւոր դաշնակցական էր։ Դաշնակցականի իր երդումը տուած է 1974-ին, 29 տարեկանին։ Սկիզբը գործած է Զահլէի «Արամ» կոմիտէութեան մէջ, ապա փոխադրուած է Պուրճ Համուտ եւ հաստատուած է Արագած, ուր մաս կազմած է տեղւոյն «Դրօ» կոմիտէութեան։ Եղած է շրջանի «Խանասոր» Պատանեկան Միութեան վարիչ մարմինի անդամ եւ կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ։

Իր դաստիարակած սերունդներուն մէջ կը գտնենք կարեւոր դէմքեր, ինչպէս՝ Լիզպոնի նահատակներէն Սարգիս Աբրահամեանը, որ այդ շրջանի պատանիներէն եղած է եւ իր վրայ խոր ազդեցութիւն թողած, եւ Եղիկ Գայայեանը, որ նահատակուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ, երբ կը փորձէր հասնիլ քաղաքացիներու օգնութեան։ 

Լիբանանեան պատերազմի տագնապալի օրերուն ընկհ. Մանուշակ երբեք չէ լքած շրջանի ակումբը եւ ժողովուրդը։ Եղած է ինքնապաշտպանութեան տղոց կողքին, հաց եւ ջուր ապահոված, դեղ ու դարման տրամադրած է անոնց։ Ան իր մասնակցութիւնը բերած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր․ Կոմիտէի «Արցախ» ֆոնտի աշխատանքներուն, միշտ մնալով համեստ ու խոնարհ անձնաւորութիւն։

Վերջին 5 տարիներուն ընկերուհին վերադարձաւ Գամիշլի՝ մաս կազմելով տեղւոյն կազմակերպութեան շարքերուն եւ արժանանալով բոլորին յարգանքին։