image
Հրատապ լուրեր:

«Բարի լոյս». Սիպիլէն՝ համայն մարդկութեան(Տեսահոլովակ)

 «Բարի լոյս». Սիպիլէն՝  համայն մարդկութեան(Տեսահոլովակ)

«Բարի լոյս» երգն ու տեսահոլովակը ներկայացնելով, Սիպիլ հայրենի մամուլին ըսած է. «Մայր բնութիւնը գեղեցիկ գոյներ ու բոյրեր  պարգեւած է մարդուն՝ գետի շառաչը, երփներանգ ծաղիկներու բուրմունքը, անտառի մեղմ խշշոցը, կապոյտ երկինքը։ Սակայն մարդկութիւնը, եսասիրութեան տեղի տալով, կարծէք նահանջած է իր կոչումէն՝ տեսնելու ու վայելելու բնութեան հրաշքները, ձուլուելու անոր մէջ եւ դառնալու անոր մէկ մասնիկը, այնպէս, ինչպէս նախատեսած էր Արարիչը։ Եսասիրութեան պատճառով, աշխարհի չորս կողմը բռնկուած բոլոր պատերազմները կը մերժենք «բարի լոյս»ով, որովհետեւ ամէն մէկ «բարի լոյս»ը օրհնանք ու լաւատեսութիւն է, յոյս է, հաշտութիւն աղերսող մանուկներուն համար։ Ուրեմն՝ «բարի լոյս» ողջ աշխարհին»: 

Յիշենք, որ 2020-ի, Պէյրութի նաւահանգիստի ահարկու պայթումէն ետք, հայ մշակութային կեանքի վերաշխուժացման իր առաջին նպաստը բերաւ Սիպիլը, երբ 13 Մարտ 2022-ին հանդէս եկաւ բարեսիրական համերգով մը:

Լիբանանի կոտտացող, բայց յամառօրէն բաբախող սրտէն՝ Պէյրութէն մեր ջերմ ողջոյնները կ'ուղարկենք Սիպիլին եւ կը ձայնակցինք անոր, ըսելով. «Բարի լոյս», միշտ «թող բարին յաղթի»: 

 

 

 

Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի, հայ երգարուեստի դռնէն մուտք գործելը յատկանշական էր եւ յանկարծակի, երբ 2010-ին խրոխտ քայլով եւ անձնական ջանքով հրապարակեց իր առաջին ձայնասկաւառակը, որ Թուրքիոյ մէջ, հայերէն երգերու առաջին «ալպիւմ»ը հանդիսացաւ: Նոյն տարին, ան թողարկեց «Նամակ» երգի տեսահոլովակը, որ անակնկալօրէն սփռուեցաւ թրքական հեռատեսիլներէն եւ զինք դարձուց հանրածանօթ նաեւ թուրք հասարակութեան մէջ:

Այս անգամ, իր իւրայատուկ ոճով եւ ձայնի զուլալ թրթիռներով, Սիպիլ պատգամով մը կը ներկայանայ ոչ միայն հայ հանրութեան, այլեւ՝ ողջ մարդկութեան, «Բարի լոյս» երգին ընդմէջէն, յիշեցնելով՝ «բարիի ուժով չարին դէմ դնելու» համամարդկային արժէքը: Սիպիլի երգին կ'ընկերակցի Պոլսոյ Հայ Աւետարանական «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտական երգչախումբը: Երգին խօսքը արեւելահայ բանաստեղծ Համօ Սահեանին կը պատկանի, իսկ երաժշտութիւնը՝ պոլսահայ, երիտասարդ երաժիշտ Հրանդ Ճիզմէճեանինն է, որ հանդէս եկած է նաեւ տեսահոլովակին մէջ: Երգը դաշնաւորած է պոլսահայ, հանրածանօթ երաժիշտ՝ Մաժակ Թօշիկեանը, որ Սիպիլին առաջին սկաւառակի երգերը մեծաւ մասամբ ինք յօրինած է:

Տեսահոլովակին պատրաստութիւնը կատարուած է մեկենասութեամբ ամերիկաբնակ, պոլսահայ բարերար Հերման Խնդիրեանին:

Սիպիլին «Բարի լոյս» տեսահոլովակը հրապարակուեցաւ անոր «ԵուԹիուպ»ի ալիքով, 13 Սեպտեմբեր, 2024-ին, Պոլսոյ ժամով՝ 13:00-ին, Երեւանի ժամով՝ 14:00-ին: Նկատի ունենալով, որ երգի պատրաստութիւնն ու նկարահանումը ամբողջութեամբ կատարուած է Պոլսոյ մէջ, հետաքրքրական է նշելը, որ տեսահոլովակի թողարկման ընթացքին, Սիպիլ Հայաստան կը գտնուէր: Այս ալ կարծէք ուղերձ մը ունի իր մէջը: 

«Բարի լոյս» երգին տեսահոլովակը ունի հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն եւ արաբերէն տողատակ-ենթախորագիրներ, որոնք կ'օգնեն տարածման ու հասանելիութեան:

Մօտաւորապէս 3.30 վայրկեան տեւող այս տեսահոլովակը իր մէջ կը պարփակէ խորհրդանշական տարբեր պատկերներ, որոնք մտայղացումն են գրող՝ Լիլիթ Պօղոսեանին, իսկ բեմադրութիւնն ու նկարահանումը կը պատկանին Յարութիւն Գէորգեանին եւ Սայաթ Տաղլեանին: 

Տեսարանը կը բացուի արշալոյսով, ուր Սիպիլ, ձեռքերը վեր՝ երկինք կը բարձրացնէ, ապա արեւածագի շողերուն հետ շրջանակաձեւ վար կ'առնէ, «բարի լոյս» ըսելով աշխարհին, առանց խօսելու: Հոլովակին փոքրիկ հերոսը՝ Նշանը, որ ձեռքին մէջ ունի կուժ մը ու անոր մէջ՝ ձուկ մը, կը մօտենայ Սիպիլին, եւ անոնք միասնաբար կը բռնեն ծովեզերքի ճամբան, որպէսզի ձուկին ազատութիւն պարգեւեն: Ամբողջ տեսահոլովակի ընթացքին, հերթաբար կ'անցնին հետեւեալ պատկերները՝ Սիպիլ հողին մէջ կը նետէ հունտ մը, որ կը վերածուի կանաչ ոստի, ապա՝ պտղատու նռնենիի: Այդ նուռերէն մէկը ան կը յանձնէ փոքրիկն Նշանին: Ինչպէս գիտենք, որ նուռը պտղաբերութեան խորհուրդն ունի իր մէջ, հետեւաբար երբ բարիք մը ցանենք, ապա այն կ'արգասաւորուի, կը բազմանայ եւ զայն կրնանք փոխանցել եկող սերունդներուն:

Բանաստեղծ Համօ Սահեան հարց կու տայ, թէ մարդիկ ինչո՞ւ աշխարհը կը խառնեն եւ իրարմէ ի՞նչ կ'ուզեն, երբ սովորական «բարի լոյս»ը բաւարար է աշխարհը բարի դարձնելու համար, եւ «երբ կայ աշխարհում երաժշտութիւն, եւ կայ երկնքի ու հողի միջեւ անիմանալի – հրաշք հաշտութիւն»: Յաճախ կը լսած ենք «երաժշտութիւնը համաշխարհային լեզու է» խօսքը, բայց նաեւ այն մեր իւրաքանչիւրիս հոգիին լեզուն ու անոր արտայայտութեան ամենաազնիւ միջոցն է: Տեսահոլովակին մէջ, մինչ երաժիշտ Հրանդը ծովեզերքը նստած կը ստեղծագործէ, փոքրիկն Նշան ձեռքերը երկարելով կը խնդրէ անկէ, որ գայ եւ այդ երգը սորվեցնէ երեխաներուն: Հոս կը տեսնենք, թէ ինչպէս երեխան բնազդաբար կ'ընկալէ երաժշտութեան դերը ու կը գիտակցի անոր բարի ուժին:  

Նշենք, որ երգչախումբի երեխաները, Սիպիլն ու Հրանդը տեսահոլովակին մէջ հագուած են ամբողջովին ճերմակ՝ խաղաղութեան գոյնը:

Երգը կը սկսի  «մինոր» թոնայնութեամբ, իսկ կ'աւարտի  «մաժոր»ով, աւելի ուժեղ հնչեղութիւն տալով երգին՝ «բարի լոյս»ը տարածելու, որպէս կամքի հաստատ դրսեւորում, զայն հասցնելով իր գագաթնակէտին եւ եզրափակելով՝ «թող բարին յաղթի» նախադասութեամբ: 

Տեսահոլովակի վերջին պատկերը կը ներկայացնէ ծովափը եւ ճերմակով գրուած «հաշտութիւն» բառը: Բանաստեղծին նշած «երկնքի ու հողի միջեւ անիմանալի – հրաշք հաշտութիւն»ը, բնութեան այդ հզօր համերաշխութիւնը դժբախտաբար մարդ արարածին մօտ յեղյեղուկ է եւ անկայուն: Կը մնայ մեզի ձգտիլ եւ աշխատիլ յանուն հաշտութեան, զայն ամրագրելով մեր մէջ, ոչ թէ գրելով աւազի վրայ, որպէսզի ալիքներուն փրփուրները չկարենան զայն ջնջել:

«Բարի լոյս» երգն ու տեսահոլովակը ներկայացնելով, Սիպիլ հայրենի մամուլին ըսած է. «Մայր բնութիւնը գեղեցիկ գոյներ ու բոյրեր  պարգեւած է մարդուն՝ գետի շառաչը, երփներանգ ծաղիկներու բուրմունքը, անտառի մեղմ խշշոցը, կապոյտ երկինքը։ Սակայն մարդկութիւնը, եսասիրութեան տեղի տալով, կարծէք նահանջած է իր կոչումէն՝ տեսնելու ու վայելելու բնութեան հրաշքները, ձուլուելու անոր մէջ եւ դառնալու անոր մէկ մասնիկը, այնպէս, ինչպէս նախատեսած էր Արարիչը։ Եսասիրութեան պատճառով, աշխարհի չորս կողմը բռնկուած բոլոր պատերազմները կը մերժենք «բարի լոյս»ով, որովհետեւ ամէն մէկ «բարի լոյս»ը օրհնանք ու լաւատեսութիւն է, յոյս է, հաշտութիւն աղերսող մանուկներուն համար։ Ուրեմն՝ «բարի լոյս» ողջ աշխարհին»: 

Յիշենք, որ 2020-ի, Պէյրութի նաւահանգիստի ահարկու պայթումէն ետք, հայ մշակութային կեանքի վերաշխուժացման իր առաջին նպաստը բերաւ Սիպիլը, երբ 13 Մարտ 2022-ին հանդէս եկաւ բարեսիրական համերգով մը:

Լիբանանի կոտտացող, բայց յամառօրէն բաբախող սրտէն՝ Պէյրութէն մեր ջերմ ողջոյնները կ'ուղարկենք Սիպիլին եւ կը ձայնակցինք անոր, ըսելով. «Բարի լոյս», միշտ «թող բարին յաղթի»: 

Նայիրի Տաղլեան 

Պէյրութ, 17 Սեպտեմբեր, 2024

Նայիրի Տաղլեան

Նայիրի Տաղլեան

Լիբանանահայ մանկավարժ, գրող, մշակութային եւ հ...