image

Շանթ Պէրպէրեանի հոգեհանգստեան կարգը՝ Քուէյթի մէջ

  Շանթ Պէրպէրեանի հոգեհանգստեան կարգը՝ Քուէյթի մէջ

40 օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ հեռացած հայորդի Շանթ Պէրպէրեանի քառասունքի հոգեհանգստեան կարգը պիտի կայացուի Քուէյթի մէջ։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի բարեկամներէն։

 

Կը նշուի նաեւ, որ Շանթի հոգեհանգստեան կարգը պիտի կատարուի Ուրբաթ՝  20 Սեպտեմբերին՝  Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի: 

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ ամբողջ պատերազմի դառնաղէտ օրերն ու ժամանակները ապրած ու սուրիական բանակին մէջ հաւատարմօրէն ծառայած հայորդի Շանթ Պէրպէրեան զոհ գացած էր տխուր արկածի մը, որ պատահած էր Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքին մէջ, ուր երկար շրջանէ մը ի վեր հաստատուած էր հայորդին։

Նշենք նաեւ, որ մեր հայրենակիցը նշանուածի կարգավիճակ ունէր, կը պատրաստուէր գաղթել Միացեալ Նահանգներ, սակայն ճակատագրի սեւ խաղը վերջակէտ մը կը դնէր իր նպատակներուն։

Շանթ, որ ունէր աստուածաբանական թեմաներու շուրջ լուրջ հետաքրքրութիւն, վերջին տարիներուն որպէս քարոզիչ կը ծառայէր Գամիշլիի արաբ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։

Հոգիին լոյս եւ մխիթարութիւն իր սիրելեաց եւ հարազատներուն։