image

Յարութ ընդ Անի ամուսնացեալք՝ Երեւանի մէջ

Յարութ ընդ Անի  ամուսնացեալք՝ Երեւանի մէջ

«Արեւելք»-ի Երեւանի աղբիւրէն ուրախ լուր ստացանք։ 

Օրերս Սուրբ Պսակի խորհուրդին արժանի դարձած են արմատներով սուրիահայ՝ Յարութ Մութաֆեանն ու Անի Նիկողոսեանը։

Մասնագիտութեամբ դեղագէտ Յարութ Մութաֆեան, որ իր ուսումնառութիւնը ամբողջացուցած է Հայաստանի մէջ, վերջին տարիներուն  հաստատուած է եւ կը գործէ Գերմանիոյ Հանովըր քաղաքին մէջ, կ՚աշխատի իր մասնագիտական ոլորտին մէջ։

Յարութ կը սերի  Սուրիոյ մէջ յայտնի անուն հանդիսացող Մութաֆեաններու ընտանիքէն, որ մինչեւ Սուրիոյ արիւնալի պատերազմին սկիզբը կը համարուէին Տէր Զօր հաստատուած   հայութեան յարգուած ներկայացուցիչներէն։

Մութաֆեանները, որ յատկապէս նաւթահանութեան (Աւելի պարզ՝ նաւթահանութեան սարքերու   շրջանակներուն մէջ)  ոլորտին մէջ գործած են, իրենց  բոլորանուէր նեցուկը  ցոյց տուած են  սուրիահայութեան ու այդպիսով ալ    դառնալով Սուրիոյ սիրուած  հայ ընտանիքներէն մին։

 

Հարսնացուն նոյնպէս  բարձր ուսում ստացած  հայուհի է,  անոր  արմատները կու գան  Սուրիոյ մայրաքաղաք  Դամասկոսէն։

Նշենք, որ   երիտասարդ զոյգի  ամուսնութիւնը  տեղի ունեցած է Երեւանի  Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ՝ ի ներկայութիւն ընտանեկան    պարագաներու, ինչպէս նաեւ սիրելիներու եւ բարեկամներու   մեծաթիւ հայրենակիցներու։

 

Մեծ ուրախութիւն է, անշուշտ, այսպիսի ուրախ լուրեր հաղորդել մեր  ընթերցողներուն՝ այն վառ յոյսով, որ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով   ցիր ու  ցան դարձած    հայութեան    բեկորները կը կարողանան դարձեալ ոտքի կանգնիլ ու  հայեցի ոգիով   ու  կրակով  նոր  օճախ  կազմել  ամբողջ  աշխարհի մէջ։

 

Հայութեան իրական ուժը  կը սերի  ընտանեկան  արժէքներէն եւ այդ  ոգիով ալ  պիտի շարունակուի մեր դարաւոր երթն ու իրական պայքարը։