Ասկէ վեց տարիներ առաջ 29 յուլիս, 2019-ին, Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ, առեւանգուեցաւ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Փաուլո Տալոլիոն, որ հաշտարարի առաքելութեամբ կը գտնուէր հոն. ցարդ իր մասին որեւէ յստակ տեղեկութիւններ չկան: Ան Սուրիոյ մէջ հիմնած էր «Մար Մուսա» համամիութենական վանատունը, Ճանչուած էր, որպէս Քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ երկխօսութեան մարդ:
Այս դէպքին կապակցութեամբ՝ «Հայր Տալոլիոյի բարեկամներ» անունով ընկերակցութիւնը, Հայր Տալոլիոյի քոյրերուն ու եղբօր հետ միասին , յիշատակելով ողբերգութիւնը, կազմակերպած են մամլոյ ասուլիս մը:
Քոյրը՝ Ֆրանչեսքա անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրիոյ ուղղուած նամակին, ուր կ'ակնարկուէր առեւանգուած կամ անյայտ կորսուած անձերու վիճակին, ան ըսած էր, թէ ինքզինք կը համարէ քոյրը՝ այն սուիացիներուն, որոնք տակաւին լուր կը սպասեն իրենց կորսուած սիրելիներուն մասին: Ան նաեւ յիշատակած է Հայր Փաուլոյի վերջին հարցազրոյցը, որ տեղի ունեցած էր առեւանգումէն մէկ օր առաջ, ապա շեշտած Սուրիոյ մէջ յետպատերազմեան այնպիսի հասարակութեան մը ստեղծման կարեւորութիւնը, ուր պիտի ընդելուզուին եւ հարթուին բոլոր տեսակի տարբերութիւնները եւ բոլոր կողմերուն համար կարեւորագոյն նպատակակէտ պիտի դառնայ համերաշխ եւ խաղաղ ապրելու ցանկութեան իրականացումը։