image

Թուրք- քրտական բախումները եւ հայկական կարծրատիպը

Թուրք- քրտական  բախումները եւ հայկական   կարծրատիպը

 Օրերս հրապարակած տեղեկութիւններուն համաձայն այս տարուան յունուարէն ի վեր թրքական ապահովական մարմիններու ձեռնարկած գործողութիւններուն  հետեւանքով  զոհուած են PKK- անդամ քիւրտ 642 զինեալներ:

  Մասնաւորապէս երկրի արեւելեան հատուածներուն մէջ երկու տարիէի ի վեր   սկիզբ առած բախումները կը շարունակուին եւ շատ մը պարագաներու «անհաւասար» պայմաններու  մէջ եղած մարտերուն ընթացքին քրտական PKK-ն  կը  յաջողի թիրախային հարուածներ տալ թրքական բանակին:

 Անգարայի քաղաքական խոհանոցներուն մէջ վճռուած քիւրտ  «անջատողականներ»ուն դէմ մարտեր իրականացնելու որոշումը յաճախ կը բախի լուրջ դժուարութիւններու, իսկ «քրտական գործօն»ը քաղաքական հարթակ փոխադրելու մօտեցումը այս հանգրուանին տեղ չունի Անգարայի գործելաոճին մէջ:

 

Աւելին Թուրքիոյ նախագահը եւ իր համախոհները փորձեցին ու դեռ ալ կը փորձեն ջլատել քրտական  քաղաքական  ցանկացած   ուժի  ներկայութիւնը: 

 

 Այսօրուան դրութեամբ «քիւրտերու  դատ»ը ներկայացնող հիմնական ուժը կը համարուի HDP-ն, որուն առաջնորդները մինչեւ այս պահը կը շարունակեն բանտարկուած մնալ:  

 

 Այսօր Անգարա ընտրած  է բախման ուղին: Ան մէկ կողմէ կը փորձէ ուժգին եւ ցաւցնող հարուածներ հասցընել PKK-ին եւ միւս կողմէ ջլատել եւ տկարացնել երկրի քաղաքական տեսադաշտին  մէջ  երեւցող քաղաքական  ցանկացած ուժ, որը կարողութիւնը ունի առկայ տարաձայնութիւնները քաղաքական հարթակ տանիլ:

 

 Թուրքիա ընտրած է զինեալ պայքարի ուղին:

 Ու այստեղ զարմանալու տեղիք կայ, որովհետեւ պետական մտածողութեան մը կրողը հանդիսացող ցանկացած քաղաքական ուժ (այս պարագային AKP-ն) իրաւունք չունի նման վտանգաւոր մօտեցումով հանդէս գալ:

 Զինեալ պայքարը անիրաւուածներուն, իրենց իրաւունքներէն զրկուածներուն, բողոքելու տեղ եւ իրաւունք չունեցողներուն, հարստահարուածներուն եւ դատ ունեցողներուն պայքարելու միջոցն է:

 Պետութիւնները այդպէս չեն շարժիր:

 Չարակամ միջոցներով, արիւնով եւ բռնութեամբ գործող ցանկացած «սիստէմ»  կը մատնէ իր թուլութիւնը երկրին առջեւ ծառացած խնդիրները լուծել չկարենալու  տեսակէտէն:

 Ու այսօր Թուրքիոյ  մէջ  տիրող  ընդհանուր իրավիճակը կը մատնէ այն մասին, որ իշխանութիւնները յայտնուած  են բաւական բարդ դրութեան մը  առջեւ:

 Այս դրութեան մէջ, եթէ Էրտողան կարեւոր զիջումներու չերթայ եւ շարունակէ   նոյն գործելաոճով գործել, ապա Թուրքիոյ մէջ ներքին արիւնայեղութեան սենարը կրնայ դառնալ իրականութիւն:

 Քրտական PKK-ին համար «զինեալ  պայքար»ը ներկայիս այլընտրանք չունի, մանաւանդ  որ  քաղաքական երկխօսութեան ճանապարհով հրապարակ ելած բոլոր «քրտական ձայներ»ը մատնուած են անել դրութեան:

 

 Այս բոլորին առընթեր կարեւոր է հասկնալ, որ Անգարայի ունեցած մօտեցումները ամէնէն աւելի կը խոցեն թուրք-քիւրտ համատեղ ապրելու գաղափարը:

 Գալով հայկական ճակատին ու կապուած թուրք- քրտական յարաբերութիւններուն գոյութիւն ունին բաւական վնասակար կարծրատիպեր, որոնց մասին կարելի է աւելի երկար խօսիլ այլ առիթներով:

 

 Եւ այստեղ կարեւոր է հասկնալ, որ հինէն ի վեր առկայ «թող թուրքերը եւ քիւրտերը իրար միս ուտեն եւ մենք օգտուինք»  տեսակէտը փակուղի տանող մօտեցում մըն է եւ հնարաւոր չէ նման մօտեցումներով ստեղծել շրջանային հարցերը քննող եւ առողջ եզրակացութիւններու յանգող քաղաքական յստակ մօտեցումներ: