Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի մամլոյ դիւանէն ստացուած հաղորդագրութիւնէն վերահասու կը դառնանք՝
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ՝ օրհնութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը եւ University of Redlands համալսարանը վերջերս ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր մը (Memorandum of Understanding), որով Առաջնորդարանի կրթական եւ ակադեմական համագործակցութիւնը կը թեւակոխէ նոր փուլ՝ բացուելով նոր հորիզոններու։ Այս ծրագրի գործնականացումը յանձն է առած Դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեանը։
Այս համաձայնութիւնը նպատակ ունի նախ խթանել երկկողմանի քննարկումները եւ ուսումնասիրել այն կարելիութիւնները, որոնք պիտի ծառայեն թէ՛ հայագիտական նիւթերու ուսուցման զարգացման եւ թէ՛ եկեղեցական ու համայնքային ծառայութեանց ամրապնդման։
Համագործակցութեան ծիրին մէջ ի նկատի առնուած են բազմաբնոյթ կրթական եւ ակադեմական նախաձեռնութիւններ, որոնք ուղղուած են գիտակրթական կապերու ամրապնդման։ Այս նախաձեռնութիւններուն մէջ կը ներառուին հայագիտական ուսմանց եւ գիտութեանց զարգացումը, հոգեւոր հովուութեան (chaplaincy) մասնակի եւ լրիւ դրութեամբ ծրագիրներու ստեղծումը, մասնագիտական սեմինարներու կազմակերպումը, Հայաստանի կրթական հաստատութիւններու հետ համագործակցութեան խթանումը, աստուածաբանական եւ դոկտորական (PhD) ծրագիրներու ձեռքբերման հնարաւորութիւններու ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ հայերէն լեզուի եւ հայագիտական առարկաներու դասաւանդման ընդլայնումը՝ ի նպաստ երիտասարդ սերունդի հոգեմտաւոր եւ ազգային դաստիարակութեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր ղեկավարութեամբ, Արեւմտեան թեմը 2024 թուականէն ի վեր համագործակցութեան ուղղութեամբ համալսարանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ յաճախակի հանդիպումներ ունեցած է, որոնք դրական արդիւնքներ տուած են։ Անոնց կարգին է Մարտի սկիզբը թեմի եւ համալսարանի կողմէ կազմակերպուած՝ «Հայերէն լեզուի նորարարութիւններ․ նոր գործիքներ, նոր մեթոտներ, նոր հնարաւորութիւններ» խորագրով ձեռնարկը։
«Արեւմտահայերէնի ապագային եւ լեզուի ուսուցման նորարար մօտեցումներու նուիրուած այս գիտաժողովը ներկայացուց այն ռազմավարութիւնները, որոնք կը միտին ամրապնդելու արեւմտահայերէնը Սփիւռքի մէջ», բացատրեց Դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեան։ «Այս նախաձեռնութիւնը համախմբեց գիտնականներ, ուսուցիչներ, մանկավարժներ եւ համայնքային ղեկավարներ, որոնք քննարկեցին հայերէնի կենսունակութեան հարցերը եւ մանկավարժական նոր մեթոտները», յաւելեց ան։
Ամրապնդելով թեմի եւ համալսարանի յարաբերութիւնը, յուշագիրը կը միտի նախ եւ առաջ ստեղծել ուսումնասիրական եւ խորհրդակցական հարթակ մը՝ իրագործելու համատեղ ծրագիրներու գործադրութիւնը, համապատասխան միջոցները եւ հետագայ քայլերը։
Արեւմտեան Թեմը, իր հոգեւոր առաքելութեան զուգահեռ, կրթական դաշտին մէջ եւս կը շարունակէ իր նուիրական ծառայութիւնը՝ խթանելով այնպիսի կրթական, հոգեւոր եւ մշակութային նախաձեռնութիւններ, որոնք կոչուած են ծառայելու հայ ժողովուրդի զաւակներուն եւ եկեղեցական կեանքի զարգացման։ Սոյն համագործակցութիւնը եւս մէկ կարեւոր քայլ մըն է այս ուղղութեամբ՝ միտուած ապագայ սերունդներու կրթութեան եւ հագեւորականաց պատրաստութեան առաւել ամրապնդման։
Դիւան Առաջնորդարանի Ապրիլ 29, 2026