image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկան պատրաստ է փոխգործակցութիւն սկսիլ Հիւսիսային Քորէայի հետ

Ամերիկան պատրաստ է փոխգործակցութիւն սկսիլ Հիւսիսային Քորէայի հետ

Միացեալ Նահանգները պատրաստ է դիւանագիտական փոխգործակցութեան Հիւսիսային Քորէայի՝ հետ Քորէական թերակղզիի ապամիջուկայնացման համար: Այդ մասին կիրակի յայտարարած է ազգային անվտանգութեան հարցերով ԱՄՆ նախագահի օգնական Ճէյք Սալիւանը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Հիւսիսային Քորէայի նկատմամբ մեր քաղաքականութիւնն ուղղուած է ոչ թէ թշնամանքին, այլ լուծման: Ատոր գլխաւոր նպատակը Քորէական թերակղզիի ամբողջական ապամիջուկայնացումն է, եւ մենք պատրաստ ենք դիւանագիտական փոխգործակցութեան այդ նպատակին հասնելու համար»,-ըսած է ան:

Սալիւանը նաեւ նշած է, որ ԱՄՆ-ն կը հաւատայ «ստուգուած, գործնական եւ հաւասարակշիռ մօտեցման», որու պարագային շատ աւելի հաւանական է առաջխաղացում գրանցել Հիւսիսային Քորէայի եւ Իրանի միջուկային ծրագրերուն մէջ: