ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Բաղաբուրջի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է մեր բոլոր նահատակներու յիշատակին: Այս մասին կը տեղեկանանք վարչապետի դիմատետրի էջէն:
«Յարգանքի տուրք մեր բոլոր նահատակներին»,- գրած է վարչապետը՝ կից հրապարակելով տեսանիւթ:
Յիշեցնենք՝ այսօր Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին Խորհրդային Միութեան եւ արեւմտեան դաշնակիցներու տարած յաղթանակի օրն է, որ Հայաստանի մէջ կը նշուի որպէս Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօն։