image

Մահացած է Սոնա Գալուստեան-Հաւաթեանը

Մահացած է Սոնա Գալուստեան-Հաւաթեանը

Կիրակի 2 Մայիս 2021-ին յետ երկարատեւ հիւանդութեան մահացած է Սոնա Գալուստեան – Հաւաթեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ դիմատետրէն։

 

 Իր աչքերը Այնճար հայաւանին մէջ բացած Տիկին Սոնան աւանդական ընտանիքի մայր, մեծ մայր եւ շրջապատին կողմէ սիրուած ու յարգուած հայուհի էր։

 

 Անոնց ընտանեկան յարկին տակ եւ նեցուկովը  իր  ամուսնոյն ՝ Գեղամ Հաւաթեանին  տիկին Սոնան ամէն ճիգ ի գործ դրած է հայաշունչ ոգիով դաստիարկելու իր  որդիները։

  Սիրած  իր ծննդավայրը եւ հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն կառչած մնացած է Այնճարին։

  Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան արարարողութիւնը կատարուած է Երկուշաբթի, 3 Մայիս 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Այնճարի «Սուրբ Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ եւ անոր մարմինը փոխադրուած է Այնճարի Ազգային գերեզմանատունը։

 

 Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակներուն եւ մասնաւորապէս  լիբանանահայ ազգային գործիչ Յակոբ Գ. Հաւաթեանին։

 

 Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։