Օրերս իր մահկանացուն կնքած է «Համազգային»ի նուիրեալ գործիչներէն՝ Վարուժան Գալայճեանը։ Երկար տարիներու իր նուիրեալ ծառայութեամբ ան դարձած էր օրինակելի գործիչ մը, որ ամբողջ կեանքը ընծայեց մեր ժողովուրդին, մշակոյթին եւ ազգային արժէքներու պահպանման գործին։
Հանգուցեալին յիշատակին գրառում մը կատարած է նաեւ ԱՄՆ Արեւմտեան Ափի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Մանուկ Չուխաճեանը՝
Ստորեւ այդ գրառումը՝
Այսօր Խոր վիշտով կը յիշենք մեր սիրելի ընկեր Վարուժանը՝ համազգայինի կենդոնական վարչութեան նախկին անդամ եւ համազգայինի բարձրագոյն Շգանշանակիր, որ իր մահակացուն կնքեց 24 Ապրիլ 2026-ին։
Ան նուիրեալ անդամ էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 1948 էն, կնքահայր ունենալով Ռուբէն Տէր Մինասեանը։ Ան նաեւ Համազգայինի Արեւմտեան Շրջանին հիմնադիրներէն մէկը եղած է(1968)-ին։ Իր ամբողջ կեանքը նուիրեց մեր ժողովուրդին, մշակոյթին եւ ազգային գործին։
Անձնապէս, պատիւ ունեցա եմ զինք մօտէն ճանչնալու։ Երբ 28 տարեկան էի, ան ինծի հրաւիրեց միանալու համազգայինի շրջանային վարչութեան, հոն ես մօտէն ճանչցայ նուիրեալ, քաջ, եւ ուղղամիտ ընկեր Վարուժանին։
Վարուժանը քաջ էր, սկզբունքային եւ միշտ ճշմարտախօս, եւ այնպէս ալ մնաց մինջեւ իր կեանքին վերջին օրը։
Ընկեր Վարուժանը երկարամեայ վաստակ ունեցած է Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցի կազմակերպական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ, նպաստելով Համազգայինի գործունէութեան վերելքին։
Յիշատակդ անմահ։

