image

Պիտի շարունակեմ մնալ հայկական համայնքի կողքին. Ատամ Շիֆ

Պիտի շարունակեմ մնալ հայկական համայնքի կողքին. Ատամ Շիֆ

 

«Ես մշտապէս հայ համայնքի կողքին եմ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակուած սուրբերու յիշատակին: Մեր գործը կը շարունակուի, քանի որ մենք կը պայքարինք յանուն արդարութեան ու հատուցման»,- այսպիսի գրառում կատարած է ԱՄՆ քոնկրէսական Ատամ Շիֆը դիմատետրեան իր էջին:
Ան նաեւ նշած է, որ պիտի շարունակէ ըլլալ հայ համայնքի կողքին, քանի որ «կը պահանջեն խաղաղութիւն եւ անկախութիւն Արցախի համար»:
«Ես մշտապէս պիտի ըլլամ հայ համայնքի կողքին, քանի որ մենք կ'ամրապնդենք մեր կապերը Հայաստանի հետ: Միշտ»,- գրած է Շիֆը: