Համաձայն Ուղղափառ եկեղեցիներիու տօնացոյցին եւ ինչպէս ընդունուած է երէկ Երուսաղմի Հայութիւնն ալ տօնախմբած է Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնը։ Այդ առթիւ եղած կրօնական արարողութիւններուն նախագահած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան արք. Մանուկեան։
Եւ այսպէս ըստ «Արեւելք»ի Երուսաղէմի աղբիւրին, կիրակի ,2 Մայիս 2021-ին, Առաւօտեան ժամը 2:30-ին Ս. Յակոբեանց Միաբանութիւնը հանդիսապետութեամբ՝ Հոգեշնորհ Տ. Սամուէլ Ծ. Վարդապետ Աղոյեանի, մուտք գործեց Ս. Յարութեան Տաճար, ապա Հայոց Երկրորդ Գողգոթայի Վերնամատրան մէջ կատարուեցաւ Գիշերային ժամերգութիւն: Ապա Առաւօտեան Ժամերգութեան «Հարց» շարականի երգեցողութեամբ Միաբան Հայրեր ու Ժառանգաւոր սաներ թափօրով Վերնամատուռէն վար իջնելով սկսան եռադարձ թափօրը Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին շուրջ: Թափօրին կը մասնակցէին նաեւ սրբատեղեաց մէջ Հայոց հետեւակ` Ղըպտի եւ Ասորի եկեղեցիները: Թափօրի երկրորդ դարձին տեղի ունեցաւ նաեւ Անդաստան: Առաւօտեան ժամը 7:15-ին տեղի ունեցաւ Հայոց երկրորդ մուտքը Ս. Յարութեան Տաճար՝ հանդիսապետութեամբ Լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի: Ճաշու ժամերգութեանը յաջորդեց Զատկական հանդիսաւոր Ս. Պատարագը Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին վրայ: Պատարագեց եւ քարոզեց՝ Հոգեշնորհ Տ. Պարետ Ծ. Վարդապետ Երէցեան: Պատարագէն յետոյ Ոստիկանատան առջեւէն թափօրով ու երգեցողութեամբ Միաբանութիւնը Պատրիարքարան բարձրացաւ յարութեան աւետիսը Պատրիարք Սրբազան Հօրը փոխանցելու: Ապա Պատրիարք Սրբազան Հօր «Պապհապնիչ»-ով ներկաներ արձակուեցան:
Երեկոյեան ժամը 4:00-ին, նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ` Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հօր վանքիս Մեծ Բակին մէջ կատարուեցաւ Անդաստանի հոգեպարար արարողութիւն։



