Թուրքիոյ պետական Anadolu գործակալութիւնը յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիան ընթացիկ ուսումնական տարուան պիտի փակէ թրքական 8 դպրոց: Այս որոշման մասին Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան տեղեկացուցած են Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները:
Այս հանգամանքը խորացուցած է երկու երկիրներու միջեւ արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւնները։ Աւելի վաղ թագաւորութեան մէջ պոյքոթած էին թրքական ապրանքները: