Եւրոպական Յանձնաժողովի խօսնակ Արիանա Փոտեսթան յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու համար միասնական ներկայացուցիչ նշանակել։ Կ՚ակնկալուի, որ ան պէտք է քննարկումներ վարէ ռուս-ուքրանական կարգաւորման թեմայի շուրջ։
Ռուսական մամուլն ալ, յղում կատարելով իր աղբիւրին, գրած է, որ ԵՄ երկիրները Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու հեռանկարի վերաբերեալ առաջին քննարկումը պիտի ունենան Մայիս 27-28-ին՝ Կիպրոսի մէջ ԵՄ արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման ընթացքին։
Աւելի վաղ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը յայտարարած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը կը ցանկայ բանակցիլ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անթոնիու Քոշթայի համաձայն՝ ԵՄ երկիրները նման ներուժ ունին եւ այդ հարցով կը վայելեն Զելենսքիի աջակցութիւնը։ Ան տեղեկացուցած է, որ ներկայիս շփման մէջ է Միութեան 27 անդամներու ղեկավարներուն հետ՝ հասկնալու համար, թէ ինչ պէտք է քննարկեն Մոսկուայի հետ, երբ ժամանակը գայ։ Ան վստահեցուցած է, որ ԵՄ մտադրութիւն չունի միջամտելու ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ նախաձեռնուած բանակցութիւններուն։