image

Սպանիոյ վարչապետի՝ Երեւան ուղեւորուող օդանաւը արտակարգ վայրէջք կատարած է Անգարայի մէջ

Սպանիոյ վարչապետի՝ Երեւան ուղեւորուող օդանաւը արտակարգ վայրէջք կատարած է Անգարայի մէջ

Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեսը Երեւան փոխադրող օդանաւը, թեքնիքական խնդրի պատճառով, արտակարգ վայրէջք կատարած է Անգարայի մէջ։ Մատրիտէն դէպի Երեւան՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի հանդիպման մեկնող օդանաւի վայրէջքին մասին Կիրակի օր հաղորդած է սպանական EFE պաշտօնական լրատուական գործակալութիւնը։

EFE-ն, վկայակոչելով վարչապետին վարչակազմի աղբիւրները, յայտնած է, որ Սանչեսը Հայաստան փոխադրող պաշտօնական Airbus A310 օդանաւը ստիպուած եղած է վայրէջք կատարել Անգարայի մէջ՝ թեքնիքական անսարքութեան պատճառով։

Անսարքութիւնը որակուած է որպէս թեթեւ, սակայն պահպանուած են արարողակարգային բոլոր ընթացակարգերը։ Սանչեսը գիշերը անցուցած է Անգարայի մէջ։

Սանչեսը՝ օդանաւի անսարքութեան պատճառով, նախապէս բաց թողած էր նաեւ 2025-ի Սեպտեմբերին Փարիզի մէջ կայացած Ուքրանիոյ հարցով հանդիպումը։ Այդ ատեն Falcon տիպի օդանաւը թռիչքի ընթացքին թեքնիքական խնդրի պատճառով վերադարձած էր Մատրիտ, իսկ վարչապետը հանդիպման մասնակցած էր առցանց տարբերակով։

Եւրոպական քաղաքական համայնքը կը միաւորէ մօտ 50 պետութիւն, ներառեալ՝ ԵՄ անդամ 27 երկիրները եւ 20 գործընկեր պետութիւններ, նպատակ ունենալով խթանել համագործակցութիւնը ժողովրդավարութեան ամրապնդման, տնտեսական եւ ուժանիւթային անվտանգութեան եւ տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ։

 

Եւրոպական երկիրներու ղեկավարները Մայիս 3-ին արդէն ժամանած են Հայաստան։