Սուրիոյ Ռաքքա նահանգի հիւսիսը գտնուող Թալ Ապիատ քաղաքի կեդրոնին մէջ, ուր տեղակայուած են թրքական ուժերը եւ անոնց ենթակայ խմբաւորումները, ականապատուած մեքենայի պայթումի հետեւանքով խաղաղ բնակիչներ զոհուած են, կան վիրաւորներ, կը յայտնէ «ՍԱՆԱ»-ն:
Տեղական աղբիւրներու տեղեկացմամբ՝ պայթումը որոտացած է Կեդրոնական շուկայի մէջ, ինչի հետեւանքով բնակիչներ զոհուած եւ վիրաւորուած են, վնաս պատճառուած է նաեւ շէնքերուն եւ գոյքին:
Թուրքիան իր հերթին աւելի քան 10 խաղաղ բնակիչներու կեանքը խլած պայթումի մէջ մեղադրած է «Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ջոկատներու» (YPG) քիւրտ զինեալները:
«Մենք կը դատապարտենք արիւնախում YPG-ի ահաբեկիչներու այս անմարդկային յարձակումը, որոնք յարձակած են «Խաղաղութեան ակունք» գործողութեան արդըւնքով իրենց տուներ եւ հող վերադարձած խաղաղ բնակիչներու վրայ»,- նշուած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: