Դամասկոսի մէջ մեծ պայթում մը որոտացած է։
Այս մասին տեղեկութիւնը կը յայտնէ սուրիական «Ալ Ախպարիյա» կայանը։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ,որ դէպքը պատահած է Դամասկոսի գիւղական շրջաններէն Ալ Տամիր եւ Ատրա շրջաններէն անցնող նաւթամուղի խողովակաշարի մը մէջ։
Պայթումին հետեւանքով ծագած է մեծ հրդեհ եւ սուրիական տասնեակ քաղաքներ զրկուած են ելեքդրական հոսանքէ։
Ըստ Սուրիոյ նաւթարդիւնաբերութեան նախարար Ալի Ղանէմին, պայթումը արդիւնք է ահաբեկչական արարքի։