Ստորագրահաւաքին կցուած է կարճ խօսք մը, ուր մասնաւորապէս կ'ըսուի ՝«Հայ անուանի հասարակական գործիչ, Արցախեան ազատամարտի մասնակից Սարգիս Հացպանեանը մեծ ներդրում ունեցաւ մեր պետականութեան կայացման գործին մէջ՝ զէնքը ձեռքին մասնակցելով ազատամարտին, ապա իր հրապարակումներով ու ելոյթներով խօսելով հայրենի երկրին օգտակար ըլլալու իր տեսլականի մասին:Սարգիս Հացպանեանը անգնահատելի դեր ունեցաւ յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնութեան վերադարձի, քիւրտ եւ թուրք առաջադէմ գործիչներու կողմէ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ հայամէտ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու գործին մէջ:Մեր հայրենակիցը, ցաւօք, մահկանացուն կնքեց շատ երիտասարդ՝ 55 տարեկան հասակին՝ ծանր հիւանդութեան պատճառով:Ներքոստորագրեալներս կը դիմենք ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին՝ խնդրելով թոյլ տալ Սարգիս Հացպանեանը արժանիօրէն յուղարկաւորել Եռաբլուր պանթէոնին մէջ՝ իր զինակից ընկերներու կողքին:
Սա կ'ըլլայ հայկական պետութեան գնահատանքը իր կեանքը հայրենիքին նուիրած գործիչին»:
