Օրերս իր մահկանացուն կնքած «Հայ սեւ գօտիներու միութեան» հիմնադիր Մասթըր Կարօ Քէպապճեանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ օր Եռաբլուրի զինուորական պանթէոնին մէջ։
Այս մասին տեղեկացանք հանգուցեալի հաւատարիմ ընկերակիցներէն ՝ Յարութ Ադամեանի դիմատետրի էջէն։
Կը նշուի նաեւ, որ հոգեհանգստեան կարգը «Քովիտ»ի ստեղծած իրավիճակին հետեւանքով զանց առնուած է։
Կը նշուի, որ արարողութիւնը ընթացք պիտի առնէ յետմիջօրէի ժամը ՝ 14:00-ին։