image

Դամասկոսի մէջ. Գողութեան նպատակով եղած սպաննութիւնը ցնցած է Սուրիացի դերասան Մահմուտ Նասըրը

Դամասկոսի մէջ. Գողութեան նպատակով եղած սպաննութիւնը ցնցած է Սուրիացի դերասան Մահմուտ Նասըրը

Սուրիացի դերասան՝ Մահմուտ Նասըր իր թուիթըրեան էջով կը գուժէ մահը իր զարմիկին, բժշկուհի եւ բանաստեղծուհի՝ Լինտա Ապու Հասանին, որ սպաննուած է փամփուշտի գնդակով: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ lebanon24-էն:

Ան մասնաւորապէս իր գրառումին մէջ նշած է,-

«Մի հարցնէք թէ ինչպէս սպաննուեցաւ: Յոգնեցայ այդ հարցումէն: Պատերազմ է: Անգամ մը Լիբանանի մէջ փամփուշտներու աղմուկը վնասեց քեզի, եւ հիմա այստեղ, քու երկրիդ, ընտանիքիդ ու սիրելիներուդ մէջ, փամփուշտը առյաւէտ տարաւ քեզ: Մօրաքրոջս աղջիկը Լինտա Ապու Հասան, Աստուած հոգիդ լուսաւորէ: Մնաս բարի սիրելիս:»,- գրած է դերասան՝ Նասըր:

Նշենք, որ ըստ Cairo Times կայքին Լինտա Ապու Հասան սպաննուած է իր տան մէջ (Դամասկոսի մերձ) երբ թալանելու նպատակով անծանօթ անձեր մտած են իր տուն եւ գործած զազրելի ոճիրը։