Մոնթրէալ-(«Մէթրօ Նիւզ»-Գանատա)- Սարգիս Աճէմեան, ուշադիր շերտաւորելով արծաթագոյն աղուէսին գլխու մորթը, եւ զգուշ ըլլալով չկտրել որեւէ արծաթագոյն ալեհեր մետաքսեայ մազ, կը մասնակցի հազուագիւտ դարձած գանատական աւանդոյթին: Աճէմեան մուշտակագործութեան երրորդ սերունդի անդամ է եւ Մոնթրէալի մէջ մնացած սակաւաթիւ մարդոցմէ մէկը, որ կը շարունակէ կենդանիներու մորթերէն մուշտակեայ վերարկուներ պատրաստելու արհեստը: Մշակման գործընթացը աշխատատար է, որու մեծ մասը ձեռքով կը կատարուի՝ օգտագործելով հիմնական անփոփոխ մնացած ձեւը, որ Աճէմեանին փոխանցուած է Հայաստանի մէջ նոյնը գործը ընող իր մեծ հօր կողմէ: «Իսկական մուշտակագործը գիտէ, թէ ինչպէս պէտք է կաշիները ճշգրիտ կերպով իրար վրայ տեղադրել, որպէսզի ամէն ինչ իսկական ըլլայ, որովհետեւ այս գործը բնութենէն բան մը վերակառուցելու աշխատանք է »,-ըսած է 59-ամեայ Աճէմեանը: Հակառակ անոր, որ շատ մը մեթոտներ կը մնան նոյնը, սակայն Մոնթրէալի մուշտակի արդիւնաբերութեան մէջ խորապէս փոփոխութիւններ կատարուած են Աճէմեանի կողմէ 25 տարի առաջ այս ոլորտին մէջ մուտք գործելէն ի վեր: Այսօր ան մէկն է ընդամէնը մի քանի տասնեակ մուշտակագործներէն, որ մնացած է այն քաղաքին մէջ, որ ժամանակին կը կոչուէր «Հիւսիսային Ամերիկայի մուշտակի մայրաքաղաք», ուր կը շտապէին օտարերկրացի գնորդները, աճուրդի հանուած մուշտակները գնելու, եւ փոքր ընկերութիւնները առատօրէն կը զբաղեցնէին քաղաքի կեդրոնի մուշտակի շուկան:
Գանատայի մուշտակի առեւտուրի պատմական հանգոյց հանդիսացող Մոնթրէալը օգտուած է գաղթականներու ալիքներէն, որոնք իրենց հետ քաղաք բերած են հմուտ մուշտակագործներ 20-րդ դարու առաջին կիսուն: 1970- 80-ականներու բարգաւաճման շրջանին Մոնթրէալի մէջ կային շուրջ 200 մուշտակ արտադրող եւ ապահովող ընկերութիւններ, ինչպէս կը նշէ Գանատայի Մուշտակի Խորհուրդի փոխնախագահ Ալան Հէրսքովիչին: Անոր գնահատմամբ, այսօր մնացած են միայն 40 մուշտակագործներ, որոնցմէ քիչեւրը միայն՝ Աճէմեանի նման կ'օգտագործեն մշակման հին հմտութիւնները:
Աճէմեան իր խանութին վերը գտնուող աշխատանոցին մէջ կ'աշխատի մորթերու վրայ, զանոնք երկար շերտերու կտրելով եւ մեքենայի միջոցաւ կարելով: Ինք եւ իր աշխատաւորները նմուշի օգտագործմամբ կը ձեւաւորեն եւ կը կտրեն մուշտակի կաղապարները, ապա կը կարեն զանոնք, կ'ուղարկեն ուրիշ տեղ, յատուկ մեքենաներով քիմիական մաքրութեան ենթարկելու համար: Վերջնական աշխատանքները, ինչպիսիք են՝ ձեռքով գրպաններ կարելը՝ կը կատարուին խանութին մէջ: Աւարտուած արտադրանքները կը վաճառուին խանութին մէջ, Աճէմեանի քրոջ՝ Ժագլինի հսկողութեան ներքոյ: Մօտիկ անցեալին անոնք բարձր վարձատրութեան կ'արժանանային, սակայն այսօր, ըստ Աճէմեանի, անոնք չեն կրնար անգամ դրամատնային վարկ վերցնել, որովհետեւ «անոնք կ'ըսեն, որ ես (Աճէմեան) կ'աշխատիմ մահացած արհեստով»: Աճէմեան կը նախընտրէ քիչ շօշափելի վարձատրութեամբ աշխատիլ, քան թէ աշխատիլ իր չսիրած ոլորտներուն մէջ: Անոր համար իր աշխատանքը համազօր է արուեստի:
Մուշտակի արդիւնաբերութեան անկումը սկսած է 1980-ականներու վերջերը, որ պայմանաւորուած էր երեք գործօններով՝ դրամական շուկայի անկում, աստիճանական փոփոխութիւնը Չինաստանի արտադրութեան եւ կենդանիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան շարժման բարձրացումը: 1992-ին, ջրաղուէսի մուշտակի գինը 50 ԱՄՆ տոլարէն իջած էր 20 ԱՄՆ տոլարի, 1980-ականներու վերջերը: Մուշտակի առեւտուրը յաջորդող 10 տարիներուն պիտի մնար անկման մէջ, մինչեւ որ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի կողմէ եղած պահանջը դարձեալ բարձրացնէր անոր արժէքը, դէպի նոր պատմական բարձրունքի: Սակայն անկումէն ետք առաջացած մուշտակի արդիւնաբերութեան ձեւը փոխուած էր, ինչպէս կ'ըսէ Հէրսքովիչի: Ծանր մուշտակեայ բաճկոններուն փոխարինած էն թեթեւ, աւելի մատչելի կտորներ: Աճէմեան նոյնպէս փոխուած է, ան որպէս «վերամշակման» մասնագէտ իր նոր տեղը գրաւած էր մուշտակագործութեան աշխարհին մէջ, ուր ան կը վերամշակէր հին բաճկոններ: Ան ցոյց կու տայ մուշտակեայ վերարկու մը, որ դարձած էր անճանաչելի ներկուելէն, խուզուելէն եւ նոր աստառ անցուելէն ետք: «Ես նոր կեանք տուի այս վերարկուին, 30 յաւելեալ տարիներ օգտագործուելու համար, որ սեփականատէրէն ետք կրնայ օգտագործել անոր դուստրը կամ նոյնիսկ թոռնուհին, եւ անոնք կրնան զայն փոխելով 30 տարի եւս հագուիլ»,-ըսած է ան:
Հէրսքովիչի Աճէմեանի նմանները կը տեսնէ որպէս մուշտակագործութեան արդիւնաբերութեան նորացման խոհրդանիշ: «Այսօր մեծ հնարաւորութիւն կայ տարբեր ձեւաւորողներու համար», - կ'ըսէ ան, աւելցնելով. «Ես կը կարծեմ, որ այսօր մենք շատ տարբեր մուշտակի առեւտուրի նախաշէմին ենք»: