image

Սարգիս Աճէմեան դարձած է Գանատայի մուշտագործութեան նորացման խորհրդանիշ

Սարգիս  Աճէմեան    դարձած է  Գանատայի   մուշտագործութեան   նորացման     խորհրդանիշ

Մոնթրէալ-(«Մէթրօ  Նիւզ»-Գանատա)- Սարգիս Աճէմեան, ուշադիր շերտաւորելով արծաթագոյն աղուէսին գլխու մորթը, եւ զգուշ  ըլլալով չկտրել որեւէ արծաթագոյն ալեհեր մետաքսեայ մազ,  կը մասնակցի   հազուագիւտ դարձած գանատական աւանդոյթին: Աճէմեան մուշտակագործութեան երրորդ սերունդի  անդամ է  եւ Մոնթրէալի մէջ մնացած սակաւաթիւ մարդոցմէ մէկը, որ կը շարունակէ կենդանիներու մորթերէն մուշտակեայ վերարկուներ պատրաստելու    արհեստը: Մշակման գործընթացը աշխատատար է, որու մեծ մասը ձեռքով կը կատարուի՝ օգտագործելով հիմնական անփոփոխ մնացած  ձեւը, որ Աճէմեանին  փոխանցուած է    Հայաստանի մէջ   նոյնը գործը  ընող   իր մեծ  հօր կողմէ: «Իսկական  մուշտակագործը գիտէ, թէ ինչպէս պէտք է կաշիները ճշգրիտ կերպով իրար վրայ տեղադրել, որպէսզի ամէն ինչ իսկական ըլլայ, որովհետեւ այս գործը բնութենէն բան մը վերակառուցելու աշխատանք է »,-ըսած է 59-ամեայ Աճէմեանը: Հակառակ անոր, որ շատ մը մեթոտներ կը մնան նոյնը, սակայն Մոնթրէալի մուշտակի արդիւնաբերութեան մէջ խորապէս փոփոխութիւններ կատարուած են Աճէմեանի կողմէ 25 տարի առաջ այս ոլորտին մէջ մուտք գործելէն ի վեր: Այսօր ան մէկն է ընդամէնը մի քանի տասնեակ մուշտակագործներէն, որ  մնացած է այն քաղաքին մէջ, որ ժամանակին կը կոչուէր «Հիւսիսային Ամերիկայի մուշտակի մայրաքաղաք», ուր կը շտապէին օտարերկրացի գնորդները, աճուրդի հանուած մուշտակները գնելու, եւ փոքր ընկերութիւնները առատօրէն կը զբաղեցնէին քաղաքի կեդրոնի մուշտակի շուկան:

Գանատայի մուշտակի առեւտուրի պատմական հանգոյց   հանդիսացող Մոնթրէալը օգտուած է գաղթականներու ալիքներէն, որոնք իրենց  հետ քաղաք բերած  են  հմուտ մուշտակագործներ 20-րդ դարու առաջին կիսուն: 1970- 80-ականներու բարգաւաճման շրջանին Մոնթրէալի մէջ կային շուրջ 200 մուշտակ արտադրող եւ ապահովող ընկերութիւններ, ինչպէս կը նշէ Գանատայի Մուշտակի Խորհուրդի փոխնախագահ Ալան  Հէրսքովիչին: Անոր  գնահատմամբ,  այսօր մնացած են միայն 40  մուշտակագործներ, որոնցմէ քիչեւրը միայն՝ Աճէմեանի նման կ'օգտագործեն մշակման հին հմտութիւնները: 

 Աճէմեան իր խանութին վերը գտնուող աշխատանոցին մէջ կ'աշխատի մորթերու վրայ, զանոնք  երկար շերտերու կտրելով եւ մեքենայի միջոցաւ  կարելով: Ինք եւ իր աշխատաւորները նմուշի օգտագործմամբ կը ձեւաւորեն եւ կը կտրեն մուշտակի կաղապարները, ապա կը կարեն զանոնք,  կ'ուղարկեն ուրիշ տեղ, յատուկ մեքենաներով   քիմիական    մաքրութեան ենթարկելու համար: Վերջնական աշխատանքները, ինչպիսիք են՝ ձեռքով գրպաններ կարելը՝ կը կատարուին խանութին մէջ: Աւարտուած արտադրանքները կը վաճառուին խանութին մէջ, Աճէմեանի քրոջ՝ Ժագլինի հսկողութեան ներքոյ: Մօտիկ անցեալին   անոնք   բարձր    վարձատրութեան  կ'արժանանային,   սակայն այսօր, ըստ  Աճէմեանի,    անոնք   չեն  կրնար  անգամ  դրամատնային վարկ վերցնել, որովհետեւ «անոնք կ'ըսեն, որ ես (Աճէմեան) կ'աշխատիմ մահացած արհեստով»: Աճէմեան կը նախընտրէ  քիչ շօշափելի վարձատրութեամբ աշխատիլ,  քան թէ  աշխատիլ իր չսիրած ոլորտներուն  մէջ: Անոր համար  իր աշխատանքը   համազօր է արուեստի: 

Մուշտակի արդիւնաբերութեան անկումը սկսած է 1980-ականներու վերջերը, որ պայմանաւորուած էր երեք գործօններով՝  դրամական շուկայի անկում, աստիճանական փոփոխութիւնը Չինաստանի արտադրութեան եւ կենդանիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան  շարժման բարձրացումը: 1992-ին, ջրաղուէսի մուշտակի գինը  50 ԱՄՆ տոլարէն իջած էր 20 ԱՄՆ տոլարի,  1980-ականներու վերջերը: Մուշտակի  առեւտուրը յաջորդող 10 տարիներուն պիտի մնար անկման մէջ, մինչեւ որ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի կողմէ եղած պահանջը դարձեալ բարձրացնէր անոր արժէքը, դէպի նոր պատմական բարձրունքի: Սակայն անկումէն ետք առաջացած մուշտակի արդիւնաբերութեան ձեւը փոխուած էր, ինչպէս կ'ըսէ Հէրսքովիչի: Ծանր մուշտակեայ բաճկոններուն փոխարինած էն թեթեւ, աւելի մատչելի կտորներ: Աճէմեան նոյնպէս փոխուած է, ան որպէս «վերամշակման» մասնագէտ իր նոր տեղը գրաւած էր մուշտակագործութեան աշխարհին մէջ, ուր ան  կը վերամշակէր հին բաճկոններ: Ան ցոյց կու տայ մուշտակեայ վերարկու մը, որ դարձած էր անճանաչելի  ներկուելէն, խուզուելէն եւ նոր  աստառ  անցուելէն ետք: «Ես նոր կեանք տուի այս վերարկուին, 30 յաւելեալ տարիներ օգտագործուելու համար, որ սեփականատէրէն ետք կրնայ օգտագործել անոր դուստրը կամ նոյնիսկ թոռնուհին, եւ անոնք կրնան զայն փոխելով 30 տարի եւս հագուիլ»,-ըսած   է ան:

Հէրսքովիչի Աճէմեանի նմանները կը տեսնէ որպէս մուշտակագործութեան արդիւնաբերութեան նորացման խոհրդանիշ: «Այսօր մեծ հնարաւորութիւն կայ տարբեր ձեւաւորողներու համար», - կ'ըսէ ան, աւելցնելով. «Ես կը կարծեմ, որ այսօր մենք շատ  տարբեր  մուշտակի առեւտուրի նախաշէմին ենք»: