image
Հրատապ լուրեր:

Վերջին Ժամ.Իրպիլի օդակայանը յարձակման թիրախ դարձած է

Վերջին Ժամ.Իրպիլի օդակայանը  յարձակման թիրախ դարձած է

Իրաքեան Քիւրտիստանի Իրպիլ քաղաքին մէջ  ահաբեկչական դէպք մը գրանցուած է։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Ալ Արապիյա» կայանէն։

 

 Աղբիւրը նշեց, որ ԱԹՍ-ով եղած գրոհը պատճառ հանդիսացած է նիւթական վնասներու։

 Դէպքին մասին խօսած է նաեւ Իրպիլի կառավարիչ ՝ Օմիտ Խոշնաու, որ յայտարարած է, թէ գրոհին հետեւանքով մարդկային զոհեր չեն գրանցուած։

 

 Դէպքի պատճառներուն եւ յարձակման ետին կանգնողներուն մասին ցարդ տուեալներ չեն հաղոդուիր։