Հռոմի պապը Ֆրանչիսկոսը Սուրբ Յարութեան տօնի առթիւ հանդէս եկած է ամենամեայ «Քաղաքին եւ աշխարհին» (Urbi et orbi) ուղերձով, որու ընթացքին անդրադարձ կատարած է հակամարտութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանային լարուած իրավիճակներուն, սպառազինութիւններու մրցաւազքին ու համավարակի դէմ պայքարին, խոցելի խումբերուն, ընկերային պաշտպանութեանն ու երիտասարդութեան։