image
Հրատապ լուրեր:

«Սանա» գործակալութիւն. Թուրքիոյ գործակալները սուրիացի քաղաքացիներ առեւանգած են

«Սանա» գործակալութիւն. Թուրքիոյ գործակալները սուրիացի  քաղաքացիներ առեւանգած են

Թուրքիոյ ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն վարձկանները շարունակած են դաժան յանցագործութիւններ կատարել ընդդէմ խաղաղ բնակիչներու՝ Հասաքէ նահանգի Ռաս ուլ-Այն  քաղաքի արուարձաններուն մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՍԱՆԱ-ն։

«ՍԱՆԱ» գործակալութեան թղթակիցը տեղեկացուցած է, որ Էրտողանի ահաբեկիչները Ալ Մանաճիր գիւղի Թել Թամրա արուարձանին մէջ առեւանգած են խաղաղ բնակիչներ եւ անոնց տարած են Ում ալ-Լապան գիւղ»,- նշած է գործակալութիւնը։

Թղթակիցի խօսքով՝  տեղի ունեցած են բախումներ Էրտողանի վարձկաններու եւ «Քասըտ»-ի գրոհայիններու միջեւ Ռաս ուլ-Այնէն դէպի հարաւ գտնուող Ալ-Ասատիա գիւղին մէջ:

ԱՄՆ  ուժերու պարեկախումբը դուրս եկած է Ալ-Շատատէ քաղաքէն դէպի Հասաքէի հարաւ, իրաքեան սահմանի ուղղութեամբ։