Յունաստանի վարչապետ՝ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը յայտարարած է, որ իր կառավարութիւնը պատրաստ է աջակցիլ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ Եւրոպական Միութեան «դրական» օրակարգին, յայտնած է AP-ն:
Քիրիաքոս Միցոթաքիսը երկուշաբթի օր պիտի հանդիպի Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ Պրիւքսելի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս:
«Ի հարկէ, մենք միշտ բաց ենք դրական օրակարգի համար, սակայն հետզհետէ, համաչափ եւ յետադարձելիօրէն... պայմանով, որ ներկայիս ապամագլցումը պահպանուի, եւ Թուրքիան կառուցողական կերպով մասնակցի երկխօսութեան եւ յարգէ ԵՄ-ի կողմէ սահմանուած պայմանները», - ըսած է Միցոթաքիսը Աթէնքի մէջ:
Երկու երկիրներու դիւանագէտները վերջին ամիսներուն բանակցութիւններու երկու փուլ կայացուցած են, վերջին 5 տարուայ ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, իսկ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները փոխայցելութիւններ կատարած են երկիրներու մայրաքաղաքները:
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ երկարատեւ վէճը Միջերկրական ծովու արեւելքի սահմաններու եւ բնական միջոցներու իրաւունքներու շուրջ բռնկուեցաւ անցեալ ամառ, երբ Թուրքիան հետազօտական նաւեր ուղարկեց Յունաստանի իրաւասութեան տակ գտնուող ջուրեր:
ԵՄ-ն «աջակցեցաւ» Յունաստանին, սակայն պատժամիջոցներ չկիրառեց Թուրքիոյ դէմ՝ փորձելով ճնշում գործադրել Անքարայի վրայ՝ վերսկսելու համար Աթէնքի հետ դիւանագիտական բանակցութիւնները: