image

Սամիր Ժաաժա. «Եթէ չանդրադառնանք եղածին, ապա ցոյցերը աւելի մեծ թափով պիտի շարունակուին»

Սամիր Ժաաժա.  «Եթէ չանդրադառնանք եղածին,  ապա   ցոյցերը աւելի մեծ  թափով  պիտի շարունակուին»

«Լիբանանեան   ուժեր»  կուսակցութեան    նախագահ  Սամիր Ժաաժա   այսօր մամլոյ  ասուլիս մը տալով   յայտարարեց, որ   Լիբանանի մէջ առկայ  տագնապը կարելի է լուծել միայն  անկախներու  կառավարութեան  ստեղծումով։

Ժաաժա  նաեւ դիտել տուաւ, որ    երկու  շաբաթ տեւած  բողոքի  ցոյցերը մեծ  պատգամ էին     ամբողջ իշխանութեան:  Ան  այս առումով նշեց.  «Եթէ   շարունակենք   ընկճել ժողովուրդը, ապա  շատ  հաւանական է, որ ցուցարարները       ետ փողոց   վերադառնան եւ այս անգամ   անոնց   վերադարձը  շատ աւելի մեծ   թափով պիտի ըլլայ»։

Ժաաժա  նաեւ նկատել  տուաւ,  որ Լիբանանի   ներկայ տագնապին լուծման համար      հարկաւոր է   ստեղծել      մասնագէտներու  անկախ  կառավարութիւն մը, որ պիտի կարողանայ     գոհացում  տալ ժողովուրդի պահանջներուն։