image
Հրատապ լուրեր:

Բողոքի ցոյցերը վերսկսան Երեւանի մէջ (Տեսանիւթ)

Բողոքի ցոյցերը վերսկսան Երեւանի մէջ (Տեսանիւթ)

 Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող բողոքի  ցոյցերը վերսկսան Երեւանի մէջ։

Քաղաքացիներ անսալով «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» կոչին այսօր առաւօտ հաւաքուեցան կառավարութեան շէնքին դիմաց ու ապա անոնք մեկնեցան ՀՀ Ազգային Ժողովի գլխաւոր դարպասին առջեւ։

 Նշենք, որ  բողոքի այս ալիքը ընթացք առաւ մասնաւորապէս ՀՀ Ազգային Ժողովի անդամ «Իմ քայլ»ական Անուշ Բեղլոյեանի երէկ  կատարած յայտարարութիւններէն ետք, որոնք մեղմ ասած ջուր կը լեցընեն թուրք-ատրպէյճանական ջրաղացին։

 Այս պահուն կ՚ընթանայ Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստ, որ իր օրակարգին ունին տարբեր հարցեր, իսկ  Ազգային Ժողովին դիմաց կան մեծ թիւով քաղաքացիներ, որոնք կը վանկարկեն «Նիկոլ Դաւաճան» խօսքը, իսկ ոստիկանական ուժեր բերման ենթարկած են կարգ մը ցուցարարներու։