Անցած գիշեր արցախեան սահմանին, հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 25 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 400 կրակոց: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Շփման գիծի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ականանետ (4 արկ):
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծին վրայ՝ անհրաժեշտութեան պարագային դիմելով նաեւ պատասխան գործողութիւններու: