Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Հասաքէ գաւառին մէջ սկսած է Ռուսաստանի ռազմական ոստիկանութեան եւ թրքական ռեժիմի ուժերու համատեղ պարեկութիւնը, կը հաղորդէ SANA-ն:
ՌԴ ՊՆ յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ մեկնարկային կէտ դարձած է Տըրպասիա քաղաքը, երթուղիի երկարութիւնը կը կազմէ 110 քմ թուրք-սուրիական սահմանի երկայնքով: Շարասիւնի կազմին մէջ են ռուսական «Տիկր» եւ «Թայֆուն» զրահապատ մեքենաներն ու թրքական զրահաթեխնիքան:
Համատեղ պարեկութիւնը կ'իրականացուի հռչակագրին համապատասխան, որ 22 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ ստորագրած են Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահները: