Ռուսաստանը եւ Թուրքիան բարձր գնահատած են Ղարաբաղի մէջ հրադադարի ռեժիմը վերահսկող միացեալ կեդրոնի գործունէութիւնը: Այս մասին տեղեկացուցած են ՌԴ ԱԳՆ-էն` միջգերատեսչական խորհրդատուութիւններու արդիւնքներէն ետք, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը:
«Անդրկովկասի, Ուքրանիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ առկայ իրավիճակի քննարկման շրջածիրէն ներս հաստատուած է այս տարածաշրջաններուն մէջ խաղաղութեանն ու կայունութեան ուղղուած ջանքերու միաւորման տրամադրուածութիւնը: Բարձր գնահատական տրուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ հրադադարի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու կանխման վերահսկման ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի գործունէութեան: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակել աշխատանքը Անդրկովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ»,-ըսուած է գերատեսչութեան կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: