image

Ռազմերու 7-րդ օր. Քրտական ջոկատները մեծ դիմադրութիւն ցոյց տուած են «Սըրի Քանիէ» գաւառին մէջ

Ռազմերու  7-րդ օր. Քրտական ջոկատները   մեծ  դիմադրութիւն ցոյց տուած են «Սըրի Քանիէ» գաւառին մէջ

Քրտական   զօրամիաւորումները  կը շարունակեն  մեծ  դիմադրութիւն ցոյց տալ  մասնաւորապէս  «Սըրի Քանիյէ»   գաւառակին մէջ։

Այս մասին լուրը հաղորդեց  «ԱՆՀԱ» կայքը։

Աղբիւրը  նաեւ նշեց, որ երէկ ամբողջ  օրը  Թուրքիոյ  բանակի լծակից       խմբաւորումներ  փորձած են       առաջխաղացում  արձանագրել  Սըրի  Քանիէ    շրջանի  ուղղութեամբ, սակայն մատնուած  են ձախողութեան։

Ըստ  վերջին տուեալներուն երէկ տեղի  ունեցած գրոհներու ընթացքին  զոհուած են     թրքական բանակի  ենթակայութեան տակ  գործող  ահաբեկչական  խմբաւորումներու  3 զինեալներ։

Կը  նշուի նաեւ, որ տարբեր   ճակատներու վրայ  իսլամիստ զինեալներ      մատնուած են ծանր  վիճակի  եւ  սկսած են լքել    ու հեռանալ  իրենց դիրքերէն։

Յիշեցնենք, որ այսօր իր լրումին կը  հասնի   Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն ուղղութեամբ  թրքական  գրոհի   7-րդ  օրը եւ  գետնի  վրայ  պարզ   սկսած է  դառնալ, որ թրքական ուժեր  չեն կարողացած     կարեւոր  ձեռքբերումներ  իրագործել։