image

«Այս պատերազմին Պաղեստինեան դիմադրութիւնը ցոյց տուաւ, որ կարող է անակնկալի բերել Իսրայէլը» Եգիպտացի փորձագէտ Խալէտ Ալ Շամի

«Այս  պատերազմին  Պաղեստինեան    դիմադրութիւնը ցոյց տուաւ, որ կարող է   անակնկալի բերել Իսրայէլը» Եգիպտացի  փորձագէտ  Խալէտ Ալ Շամի

Հաշուի  առնելով  Իսրայէլի  մէջ ստեղծուած  բարդ  իրավիճակը     «Արեւելք»   օրերս հարցազրոյց ունեցաւ  «Ալմասրի Ալեոմ» պարբերականի լրագրող՝ Խալէտ Ալ Շամիի հետ։

 

Ալ Շամի մասնաւորապէս նշեց, որ Պաղեստինի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած, եւ երկու կողմերը՝ պաղիստինեան դիմադրութիւնն ու իսրայէլեան ուժերը ռազմական գործութիւններ կը կատարեն:

Ալ Շամի նաեւ նշեց ,  որ Միջազգային հանրութիւնը կոչ ըրաւ հանդարտելու եւ ի մասնաւորի Եգիպտոս զգուշացուց ռազմական գործողութիւններու մագլցումէն եւ քննարկեց զինադադար մը հաստատելու հնարաւորութիւնները։

«Իմ կարծիքով այս զինադադարը կրնայ ընդունելի ըլլալ, որովհետեւ երկու կողմերն ալ կ'ուզեն որ հանդարտի վիճակը»: Իսրայէլի համար անակնկալ էր դիմադրութեան այս մակարդակի պատասխանը, սկիզբը ան կը սպառնար թէ պիտի մտնէ Կազա, բայց երբ դիմադրութիւնը յատարարեց, որ պատրաստ է բոլոր սենարներուն, անմիջապէս նահանջեց, մանաւանդ երբ միջազգային ուժեր յուշեցին, որ այսպիսի քայլ մը կրնայ աղէտալի ըլլալ Իսրայէլի համար:

 Ինչ կը վերաբերի յառաջիկայ օրերու զարգացումներուն, Ալ Շամի ըսաւ, թէ երկու տարբերակ կայ, կամ Իսրայէլ պիտի սրէ վիճակը աւելցնելով հարուածները եւ որուն բնականաբար պիտի պատասխանէ պաղեստինեան դիմադրութիւնը եւ կամ տեղի պիտի ունենայ միջազգային ու արաբական կողմերու միջամտութիւն հանդարտեցնելու իրավիճակը, եւ այս պարագային, լրագրողի կարծիքով՝ պաղեստինիեան դիմադրութիւնը պիտի սահմանէ որոշակի պայմաններ, մանաւանդ որ Պաղեստինի նախագահ՝ Մահմուտ Ապպաս, անցեալ շաբաթ, խօսած էր թէ ընտրութիւնները, որոնք պիտի կայանային յառաջիկայ շաբաթներուն չեղեալ համարուած են, իսրայէլական միջամտութիւններու պատճառաւ։

 Եգիպտացի լրագրողը նաեւ նշեց, որ Պաղեստինեան կողմը շատ աւելի պատրաստ ու յանդուգն էր իր պատասխանին մէջ, եւ չնայած, որ Կազան ու Պաղեստինը կրեցին ահաւոր վնասներ եւ ունեցան մարդկային զոհեր, բայց դրին Իսրայէլը իր զինուորական ուժերով անկարողի դրութեան մէջ: Պաղեստինը ապացուցեց, որ հակամարտութիւնը տկարի ու ուժեղի միջեւ եղած  պայքար մը  չէ, այլ համահաւասար ուժերու, եւ ան կը ներկայացնէ զինուած ուժ մը, որ կրնայ անակնկալի բերել Իսրայէլը:

Ալ Շամի խօսեցաւ Եգիպտոսի դիրքորոշման մասին, որ ան տասնեակ տարիներ՝ 1948-էն ի վեր, կ'օգնէ Պաղեստինին եւ պաղեստինցիներուն դիւանագիտական, քաղաքական կամ նոյնիսկ առողջապահական ոլորտներուն մէջ։

Միւս կողմէ Ռուսաստան կոչ ըրաւ երկու կողմերուն հանդարտելու, Չինաստանը փորձեց նկատել տալ, թէ Իսրայէլ աւելի յարձակողական է: Իսկ  Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան դիրքը ակնյայտ է, որ կողմնակից է Իսրայէլին:

Ըստ լրագրաղին, գետնի վրայ պաղեստինեան դիմադրութիւնը նուաճեց մեծ յաղթանակ. ճիշդ է, որ կրեց մեծ վնասներ, սակայն կ'արժէր համեմատելով այն խուճապին ու խառնաշփոթութեան  պատճառեց իսրայէլեան կողմին ՝ պետական ու ժողովրդական մաշտապներով: