Ամերիկեան CNN կայանը «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման տիրապետութեան տակ գտնուող Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքէն գաղտնի կերպով ձեռք բերուած տեսարաններ ցուցադրած է:
Տեսագրութիւնը կը պատկերէ Ռաքքայի փողոցները, շուկաները, ուր տակաւին կեանքի ու գոյատեւման նշոյլներ կան:
Այնտեղ կը հնչէ նաեւ ահաբեկչական խմբաւորման երկու զինեալներու երկխօսութիւնը, այնուհետեւ կը հանդիպինք սաւաններով ու վարագոյրներով ծածկուած շուկաներու, որոնց նպատակը, ըստ լրատուական կայանին, Միջազգային Դաշնութեան օդուժի տեսանելի դաշտէն զերծ մնալն է:
Լրատուական կայանը նշած է նաեւ, որ ահաբեկչական խմբաւորման անդամները քաղաքին մէջ սովորական քաղաքացիական ինքնաշարժերով կը տեղափոխուին՝ խուսափելով օդային հարուածներէն:
Տեսանիւթը դիտելու համար սեղմել ՝ այստեղ: