Ազգային ժողովը երկրորդ փուլով կրկին Նիկոլ Փաշինեանը չընտրեց վարչապետի պաշտօնին, ինչպէս եւ նախատեսուած էր. այսպիսով, Սահմանադրութեան համաձայն՝ իրաւունքի ուժող Եօթերորդ գումարման Ազգային ժողովը լուծարուած է:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ վարչապետի ընտրութեան համար հրաւիրուած յատուկ նիստին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ երրորդի կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Նիկոլ Փաշինեանը չստացաւ ընտրուելու համար բաւարար ձայներ: Անոր թեկնածութեան «կողմ» եւ «դէմ» քուէարկեցին մէկական պատգամաւորներ, 76 պատգամաւոր քուէարկեց «ձեռնպահ»:
Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ է, որ Ազգային ժողովը կ'արձակուի սահմանուած ժամկէտէն շուտ: 2018-ի նոյեմբերին եւս ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականէն ետք խորհրդարանը ցրուած էր նոյն ընթացակարգով:
Վարչապետի միակ թեկնածուն Նիկոլ Փաշինեանն էր: Անոր թեկնածութիւնը առաջադրած էր ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը: Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը վարչապետի պաշտօնին առաջադրուած էր նաեւ վարչապետի ընտրութեան առաջին փուլին, սակայն այն պաշտօնական բնոյթ կը կրէր, քանի որ Ապրիլ 25-ին, վարչապետի պաշտօնէն հրաժարական ներկայացնելով, Նիկոլ Փաշինեանը սկիզբ դրաւ խորհրդարանը իրաւունքի ուժով լուծարելու եւ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կայացման գործընթացին: Մայիս 3-ի ԱԺ հերթական նիստին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը չէր ընտրուած վարչապետի պաշտօնին:
Յունիս 20-ին Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու կայացումը: