Վտանգաւոր զարգացում Երուսաղէմի մէջ. Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը հրթիռներ արձակած է Երուսաղէմի ուղղութեամբ։ Թիրախներուն վայրը տակաւին պարզ չէ, սակայն առկայ լարուածութեան կողքին վախի մթնոլորտ կը տիրէ իսրայէլացիներուն մօտ։
«Համաս» հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, նշելով, որ այս հարուածները կու գան, որպէս պատասխան, վերջին օրերուն իսրայէլի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործադրուած բռնամիջոցներուն դէմ։
Չի բացառուիր, որ Իսրայէլեան բանակը արագ պատասխան մը տալ եղածին ու այդ անշուշտ կ՚ըլլայ «մինի պատերազմ»ի մը սկիզբը՝ Կազայի ուղղութեամբ։
Յիշեցնեմ նաեւ, որ ռազմական որեւէ մակարդակի գործողութիւն ձեռնտու է Բենիամին Նաթանիահուին, որ տարբեր պատճառներու բերումով յայտնուած քաղաքական լուրջ խնդիրներու առջեւ ու գրեթէ վարկազրկուած է։