image

Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուները 3-ն են. Գլխաւորը նախագահ Պաշշար Ասատն է

Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուները  3-ն են. Գլխաւորը նախագահ Պաշշար Ասատն է

Սուրիոյ Գերագոյն սահմանադրական դատարանը նախագահական ընտրութիւններու երեք թեկնածու հաստատած է եւ մերժած է միւս թեկնածուներու բոլոր բողոքները:

Ինչպէս կը հաղորդէ «ՍԱՆԱ» սուրիական պետական լրատուամիջոցը, 26 Մայիսին կայանալիք ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի նաեւ գործող նախագահ Պաշար Ասատը:

Դատարանի կայացուցած որոշման մասին յայտնած է սահմանադրական դատարանի նախագահ Մոհամմատ Ալ-լահհամը: Անոր խօսքով` դատարանը մերժած է վեց բողոք-դիմում, քանի որ հիմքեր չէ գտած անոնց ներկայացման համար: Դատարանը որոշած է, որ թեկնածուներն իրաւունք ունին նախընտրական քարոզարշաւ իրականացնել 16-24 մայիսը: 25 Մայիսը լռութեան օր յայտարարուած է:

Ընտրութիւններուն, այսպիսով, պիտի մասնակցին Պաշար Ասատը, Ազգային խորհուրդի հարցերով նախկին նախարար Ապտալլա Ապտալլան եւ ընդդիութեան ներկայացուցիչ Մահմուտ Ահմատ Մըրհին: Բոլոր թեկնածուները գրանցուած էին 3 մայիսին: Ընդհանուր առմամբ, 51 թեկնածու դիմում ներկայայացուցած է մասնակցելու ընտրութիւններուն: