image
Հրատապ լուրեր:

Ռաքքա քաղաքէն նոր տեսագրութիւն մը տարածուած է

Ռաքքա  քաղաքէն  նոր տեսագրութիւն մը տարածուած է

Ամերիկեան CNN  կայանը «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման տիրապետութեան տակ գտնուող Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքէն գաղտնի կերպով ձեռք բերուած տեսարաններ ցուցադրած է:

Տեսագրութիւնը կը պատկերէ Ռաքքայի փողոցները, շուկաները, ուր տակաւին կեանքի ու գոյատեւման նշոյլներ կան:

Այնտեղ կը հնչէ նաեւ ահաբեկչական խմբաւորման երկու զինեալներու երկխօսութիւնը, այնուհետեւ կը հանդիպինք սաւաններով ու վարագոյրներով ծածկուած շուկաներու, որոնց նպատակը, ըստ լրատուական կայանին, Միջազգային Դաշնութեան օդուժի տեսանելի դաշտէն զերծ մնալն է:

Լրատուական կայանը նշած է նաեւ, որ ահաբեկչական խմբաւորման անդամները քաղաքին մէջ սովորական քաղաքացիական ինքնաշարժերով կը տեղափոխուին՝ խուսափելով օդային հարուածներէն:

 

Տեսանիւթը  դիտելու համար սեղմել ՝ այստեղ: