Պուրճ Համուտի երկար կամուրջը դարձած է հիմնական կայանը վերջերս Լիբանան տեղափոխուած սուրիահայերուն:Որպէս հալէպահայ սակաւ էին այն օրերը, որ ժպտադէմ կը դիմաւորուէի լիբանանցի վաճառատուներու եւ այլ աշխատավայրերու սեփականատէրերուն կողմէ: Տեղացիք զիս օտար կը տեսնէին. միթէ իրաւատէրը իրե՞նք էին, կամ ես: Ի վերջոյ համոզուեցայ, թէ լոկ օտար մըն եմ եւ անծանօթ, սակայն այս համոզումով ապրիլը սկիզբը բաւական դժուար եղաւ, մինչեւ որ զգացի թէ ինչ միջավայրի մէջ յայտնուած եմ:
Որպէս առաջին քայլեր կատարող լրագրող, ուզեցի քանի մը տեղ առ ի փորձառութիւն «համտեսել» բարեկամներուս խմած «բաժակէն» եւ լծուիլ գործ ճարելու «արկածախնդրութեան»: Սկսայ «կամուրջին տակ»էն, հասնելով, մինչեւ հեռաւոր շրջաններ: Վստահաբար պիտի սկսէի աչքերս նախ սեւեռել դէպի հայկական կառոյցները, եւ հոն էր իսկական սարսափը: Հոգ չէ, թէ ինչ գիտես, կամ ինչ գիտութեան կը տիրապետես, կարեւորը թէ ինչ պատկանելիութիւն ունիս: Հեռանալով երկար-բարակ խորագիրներու վրայ բազմած հայկական կառոյցներէն, անցայ դէպի հայապատկան անուանի հաստատութիւններ: Այս անգամ պատկանելիութիւնը չէր հիմնական խնդիրը, այլ՝ սուրիական հպատակութիւնս: Հպատակութիւնը կարծես ցուցանիշ էր ներկայանալու, որպէս ՝ բոպիկ, աղքատ, անօթի եւ տնանկ մէկը:
Զրկուիլ, բայց ինչէ՞ն. այս հարցումին պատասխանը այնքան դժուար չէ, սակայն անոր վարժ դառնալն է դժուարը: Պէտք է զրկուիս բնական կեանքէ, շատ անգամ բուժումէ, կարծես նուազ աստիճան մը ըլլայիր բոլոր մարդկութենէն:
Մօտեցումս շատ նօսր պատկերացում մը պիտի տայ, այն հարիւրաւոր սուրիահայերու անգործութեան տագնապին մասին, մինչ անտէրութեան ցաւը ամէն վայրկեան կը հալածէ մեզ:
Ու այդպէս էր, որ Պուրճ Համուտի կամուրջը դարձաւ գործի որոնման հիմնական առանցք, ուր ես հանդիպեցայ այն մարդոց, որոնց հետ կը կիսեմ նոյն ճակատագիրը:
Հպատակութիւնս դարձաւ ցուցանիշ հանրութեան ներկայանալու, որպէս ՝ բոպիկ, աղքատ, անօթի եւ անտէր մէկը:
Յովիկ Շէհիրեան