image

Միջինքի հաւաքոյթ Պոլսոյ մէջ. Ներկայ եղած է Գերպ. Հայր Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան

Միջինքի հաւաքոյթ Պոլսոյ մէջ. Ներկայ եղած է Գերպ. Հայր Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան

Գերապայծառ Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան, օրերս, նախագահած է Կաթողիկէ Հայոց Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Միջինքի աղօթքը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

11 Մարտ Չորեքշաբթի, կաթողիկէ հայոց Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Միջինքի աղօթք։

Արարողութիւնը կատարեց Գերապայծառ Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Գերյ. Հայրեր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրաթեան, Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Միքայէլ Ծ. Վրդ. Ուչար։ Աւարտին, տեղւոյն Տիկնանց Կազմը միջինքի ճաշկերոյթ սարքեց եկեղեցւոյ սրահին մէջ։